ՃԱՇԱԿԵՆՔ ԿԵՆՍԱՏՈՒ ՊՏՈՒՂ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 21 Փետրուար, 2021)
Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին ծանօթ է Արտաքսման Կիրակի անունով, որ լաւագոյնս կը բացայայտէ մարդկային զրկանքի խորհուրդը երանական կեանքէն կամ վիճակէն։ Սուրբ Գիրքը խտացեալ կերպով, պարզ, մանկավարժական եւ նոյնիսկ քիչ մըն ալ թատերական ձեւով կը ներկայացնէ մեր նախածնողաց ձախողութիւնը Աստուծոյ պատուիրանը գործադրելու, այն՝ որ էր չճաշակել բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պտուղը, ապա՝ Չարի խաբէութեան հետեւանքով պատուիրանազանցութեամբ առանձնաշնորհեալ կեանքի մը կորուստը (3.1-13)։ Պէտք է խոստովանիլ, որ մարդկային մտքի հասողութենէն գերիվեր է թափանցել այս խորհուրդին խորքը, այնուամենայնիւ, ատիկա պատճառ մը չէ, որ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ անոր պատգամին մասին չխորհրդածենք։
Առհասարակ, Եկեղեցւոյ Հայրերը՝ սուրբ գրային նշումներու վրայ հաստատուած (Ես 14.12-14 , Յյտ 12.9), կը բաժնեն նոյն տեսակէտը, թէ Սատանան՝ որ Արուսեակ կոչեցեալ հրեշտակն էր, հպարտութենէ մղուելով փորձած էր աստուածային գահը յափշտակել, եւ պատժուելով իրեն համախոհ հրեշտակներու հետ իր փառքէն զրկուած էր։ Ինքզինք եւ իր անկումը արդարացնելու նպատակաւ, յարատեւ խաբէութեամբ ան կը մոլորեցնէ մարդկութիւնը, առաջին զոհերը ունենալով մեր նախածնող՝ Ադամն ու Եւան։ Երբ ուշադրութեամբ կարդանք Եւայի եւ Չարը մարմնաւորող օձի միջեւ խօսակցութիւնը, եւ անոր յաջորդող Աստուծոյ հարցաքննութիւնն ու զոյգ օրինազանցներուն ինքնարդարացումը, լիովին կը հասկնանք իրենց անպատասխանատու արարքին լուրջ հետեւանքը։ Մեր նախածնողաց յանցանքը կը կայանար իրենց ընտրութեան մէջ, որով Աստուծոյ պատուիրանը անտեսեցին՝ ճաշակելով արգիլեալ պտուղը, որ կը խորհրդանշէ փորձութեան տեղի տալը։ Իրենց ազատ կամքի սխալ գործածութեան հետեւանքը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործական զոհագործումը Խաչին վրայ, որով քաւուեցաւ մարդկութիւնը Աստուծմէ բաժնող մեղքը (Ես 59.2), եւ Չարին իշխանութիւնը ջախջախուեցաւ Անարատ Գառնուկին սուրբ արեան հեղումով։
Համամարդկային նկարագիր ունեցող այս ողբերգութեան մէջ խաբէութիւնը որոշադրիչ տեղ ունի։ Մեր եկեղեցւոյ Հայրերէն Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացի, Սաղմոսներու մեկնութեան իր կոթողական գործին մէջ յաճախակի կերպով կը շեշտէ, թէ մարդ արարածը բնութեամբ բարի էր, սակայն փոխանակ հետեւելու իր Արարիչի պատուիրանին եւ զգուշանալու Չարի փորձութենէն, դժբախտաբար, անոր խաբէութենէն տարուելով, ժառանգեց ցաւով ու մահուամբ կնքուած այս կեանքը։ Հետեւինք այն մտերմիկ խօսակցութեան որ այնքան անմեղ կը թուի ըլլալ, բայց խորքին մէջ շատ յստակ կերպով խաբեբայական նկարագիր ունի։ Օձը կը հարցնէ Եւային. «Իրա՞ւ Աստուած ձեզի ըսաւ, թէ Պարտէզին որեւէ ծառէն պիտի չուտէք»։ Վերջինս կը պատասխանէ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց Պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար Աստուած ըսաւ․ “Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի դպչիք, որպէսզի չմեռնիք”»: Կա՞յ աւելի հաստատ պատասխան, քան ամենայն թափանցիկութեամբ ու անկեղծութեամբ ըսուած այս խօսքը։ Պահ մը նոյնիսկ, եթէ ենթադրենք որ օձը իրապէ՛ս ծանօթ չէր տրուած պատուէրին, իր հետաքրքրութիւնը լիուլի գոհացած ըլլալով, պէտք էր բաւականանար տրուած պատասխանով։ Սակայն, որովհետեւ իր ծածուկ մտադրութիւնը ուրի՛շ էր, ան կը շարունակէ խօսակցութիւնը։ Խորամանկ խաբեբան իր դիմակը վար առնելով, կը ժպրհի մարտահրաւէր կարդալ, ըսելով. «Պիտի չմեռնի՛ք, որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ երբ անկէ ուտէք, ձեր աչքերը պիտի բացուին, եւ Աստուծոյ նման պիտի ըլլաք, գիտնալով բարին եւ չարը»։ Չարին այս խօսքն իսկ, զինք կրկնակի կը դատապարտէ, նախ յայտնի կ՚ըլլայ, որ ինք ստախօս է, որովհետեւ կը յայտնաբերէ իր գիտակ ըլալը պատուէրին, եւ ապա՝ որպէս ստախօս, զայն կը խեղաթիւրէ։ Ահա թէ ինչու բոլոր դարերուն խաբեբայութիւնը լաւագոյն գործիքն է Չարին, գրաւելու անմեղ հոգիներ եւ զանոնք թակարդելու մեղքի ցանցին մէջ։
Վերեւի խօսակցութիւնը ըստ էութեան քննելով, կը տեսնենք, թէ մինչ Խաբողը նախածնողաց կը խոստանար Աստուծոյ նման ըլլալ, խորքին մէջ համոզուած էր, որ զանոնք կ՛առաջնորդէր ո՛չ թէ աստուածանալու, այլ պատուիրանազացութեամբ զանոնք զրկելու իրենց երանաւէտ կեանքէն, ինչպէս ի՛նք զրկուած էր իր ամբարտաւան յայտարարութենէն ետք, թէ «Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրեալին պիտի նմանիմ»։ Իրականութեան մէջ մինչ ինք կը խոստանար՝ «Աստուծոյ նման պիտի ըլլաք» (Ես 14.14), իսկութեան մէջ ան շատ լաւ գիտէր որ անոնք պիտի շնորհազրկուէին, ինչպէս ինք։
Այս մեկուսի խօսակցութեան եւ անոր գործադրումին արդիւնքը խիստ ճակատագրական կ՚ըլլայ։ Պտուղի ճաշակումը, այլ խօսքով՝ պատուիրանազանցութիւնը աչքին հաճոյ թուալով, նաեւ Խաբողին թելադրութիւնը՝ թէ աւելի իմաստուն պիտի ըլլան, կ՚առաջնորդէ զոհը, որ մոռնայ Աստուծոյ խօսքը եւ հետեւի Նենգամիտի խորհուրդին։ Աւելին, մեղսակից կը դարձնէ իր կողակիցը անոր եւս հրամցնելով պտուղը որ ճաշակէ։ Դժբախտաբար, վերջինս առանց այլեւայլի կը յանձնուի փորձութեան, որ ինքնին առանձին նիւթ մըն է քննարկուելու, եւ այնուհետեւ «կը բացուին անոնց աչքերը», այլ խօսքով՝ ա՛յն ատեն կ՛անդրադառնան որ մոլորած ու թակարդուած են։ «Պատիժը չ՛ուշանար։ Տէր Աստուած կը հարցաքննէ Ադամը, որ կ՛արդարացնէ ինքզինք, եւ անուղղակի կերպով կը մեղադրէ զԱստուած, թէ «կինը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։ Կինը, իր կարգին, կ՛արդարացնէ ինքզինք, որ օձն էր պատճառը։
Երբ ուզենք ամենայն մանրամասնութեամբ վերլուծել այնքան պարզ թուացող օձի եւ կնոջ, նաեւ Աստուծոյ եւ Ադամին միջեւ խօսակցութիւնը, կրնայ Սուրբ Գրքի սերտողութեան բազմաթիւ պահերու նիւթ հայթայթել։ Յամենայն դէպս, գոհանանք քանի մը կէտեր քննելով, որպէսզի անմիջական կապ մը տեսնենք մեր առօրեայ կեանքին հետ։
ա. Այս պատումին հաւատանք կամ ոչ, անուրանալի իրողութիւն է, որ բոլոր դարերուն Փորձութիւնը երբե՛ք իր ինքնութիւնը չի յայտներ։ Ան միշտ ծածկուած կ՚ըլլայ։ Ինչպէս կ՚ըսենք ժողովրդական ասոյթով, մեղր ու շաքարով պատուած կ՛ըլլայ։ Եթէ փորձենք մանուկներու, երիտասարդներու թէ տարեցներու, կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ գտնուողներու՝ ամուսնացեալ թէ ամուրի, անապատաբնակներու թէ խրճիթներու, քաղաքներու պալատներու մէջ ապրողներու զարմանազան փորձութիւնները, կարելի է անթիւ հատորներ գրել։ Բոլորին պարագային հասարակաց յայտարարը այն է, որ Փորձութիւնը կու գայ միշտ վարդագոյն վառ խոստումներով եւ երբե՛ք ցոյց չի տար փշալից վէրքեր։ Միշտ կը խոստանայ երջանկութիւն, յաջողութիւն եւ փառք, բայց երբե՛ք դժբախտութիւն, ձախորդութիւն եւ դատապարտութիւն։ Փորձութիւնը մի՛շտ կը շեշտէ սկիզբը «աչքին հաճելի թուացող»ը, բայց երբե՛ք չ՚ակնարկեր վերջաւորութեան մասին, այլապէս կեղծ շպարը շուտով երեւան կ՚ելլէ։
Որպէս բանաւոր արարածներ, որ զարդարուած ենք ազատ կամքով, Փորձութեան դիմաց ամենէն ազդու զէնքը Աստուծոյ պատուիրաններուն մէջ խարսխուիլն է, Աստուծոյ պատուիրաններով առաջնորդուիլն է։ Կը շեշտեմ «Աստուծոյ պատուիրաններուն մէջ խարսխուիլ»ը, որովհետեւ որքան ալ զարգացած, փորձառու եւ ինքնավստահ ըլլանք, կու գայ պահ մը, երբ մեր դատողութիւնը տեղի կու տայ Չարին կողմէ այնքան նուրբ կերպով պատրաստուած թակարդին, որովհետեւ հոգի ըլլալով, ան կը թափանցէ մտածողութեան եւ զգայնութեան մեր ներքին աշխարհը եւ լաւապէս գիտէ մեր տկարութիւնները։ Աստուծոյ պատուիրանը բարի, լոյս է, կեանք է, ինչպէս որ նկարագրուած է Սուրբ Գրքին մէջ ստեղծագործութենէն ի վեր։ Անտեսել աստուածապարգեւ այս օրհնութիւնը եւ յանձնուիլ փորձութեան, անկասկած մեզ կ՚առաջնորդէ ողբերգական վիճակի։ Շատ յատկանշական է Աստուծոյ ազդարարութիւնը, ո՛չ միայն չուտել, այլ նաեւ չդպչիլ։ Այս մանրամասնութիւնը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ բոլոր փորձութեանց պարագային, անգամ մը որ մենք մեզ համոզենք անգամուան մը համար փորձել, կամայ ակամայ կը յանձնուինք «երանական» ներկայացուած կործանարար փորձութեան, մենք մեզ կը գտնենք անելի մէջ։
Որքան որ փորձութեան ենթակայ ըլլալը լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ, սակայն մեր ձախողութիւնը չընդունիլը եւ ինքնարդարացումի դիմելը մեզ կ՚առաջնորդէ աւելի ծանր վիճակներու, որովհետեւ կը վերածուի սովորութեան, եւ ի վերջոյ մաս կը կազմէ մեր բնութեան։ Արդարեւ, եթէ մեր կեանքի ճամբորդութիւնը սերտենք, պիտի տեսնենք որ Ինքնարդարացումը, որ հոգեբանութեան մէջ ծանօթ է որպէս «Ինքնապաշտպանութեան մեքենականութիւն» (self-defense mechanism), մեր բնութեան մէջ խոր արմատներ ունի մանկութենէն սկսեալ։ Բաւ է հետեւիլ մօր մը, երբ կարկանդակ կը պատրաստէ եւ զաւկին/զաւակներուն կը յայտնէ չդպնալ անոր ու չճաշակել զայն մինչեւ ճաշի ժամը։ Փորձութիւնը չ՚ուշանար նուրբ կերպով մանուկը առաջնորդելու պատուիրանազանցութեան։ Երբ հարցաքննուի, անմիջական պատասխանը կ՛ըլլայ՝ «Ես չըրի»։ Մեր բազմակողմանի յարաբերութեանց մէջ, որպէս ամուսնացեալ զոյգեր, ծնողներ կամ զաւակներ, պաշտօնակիցներ կամ դրացիներ, երբ որեւէ ժամանակ գիտակցինք, որ սխալ ընթացքի մէջ ենք, ո՛չ ինքնարդարացումը եւ ո՛չ ալ մեղադրանքը, այլ գործնական, արդիւնաւէտ եւ պատուաւոր ձեւը պատասխանատուութիւնը ընդունիլն է, որ աւելի հասկացողութիւն եւ յարգանք կը յառաջացնէ դիմացինին կողմէ։
բ. Մեր նախածնողաց անկումի պատմութեան մէջ խրթին այլ երես մը Դրախտի Պարտէզէն արտաքսուիլն է։ Ծննդոց գրքի երկրորդ գլխուն մէջ, նկարագրուած է թէ գետ մը կը հոսէր Եդեմէն եւ կ՚ոռոգէր պարտէզը, եւ որ իր կարգին կը բաժնուէր չորս ճիւղերու, ծանօթ՝ Փիսովն, Գեհովն, Եփրատ եւ Տիգրիս անուններով(Ծն 2.10-14): Այս մասին ընդարձակ մեկնաբանութիւններ կան։ Եթէ անտեսենք նկարագրուած աշխարհագրական վայրը, կրնայ հարցականի տակ առնուիլ Սուրբ Գրքի անսխալականութիւնը։ Միւս կողմէ, եթէ տառացի ընդունինք, դարձեալ վաւերական հարցադրումներ կրնայ ստեղծել, ինչպիսին է հետեւեալը․ ո՞ւր է Եդեմը, որ բոլորիս ծանօթ յստակ կերպով նկարագրուած աշխարհագրական վայր մըն է, ուրկէ պատուիրանազանց զոյգը դուրս դրուեցաւ։
Այնքան պարզութեամբ ներկայացուած հոյակապ այս պատումը երբ Երկնայինին իմաստութեամբ կարդանք, յստակ կերպով պիտի անդրադառնանք աշխարհագրական վայրէն շատ աւելի վսեմ ճշմարտութեան մը, այն՝ որ պատուիրանազանցութենէն առաջ Ադամ եւ Եւա առանձնաշնորհուած էին վայելելու Աստուծոյ ներկայութիւնը, ազատ՝ որեւէ վախէ ու կասկածէ։ Դժբախտաբար, Ադամ եւ Եւա կորսնցուցին այդ պատիւը, որովհետեւ իրենց բարիքին համար տնօրինուածը անխոհեմաբար անտեսեցին։ Այդ պատճառաւ, մեղքը եւ մահը իշխեց իրենց եւ յաջորդ բոլոր սերունդներուն վրայ, մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը, «որ յանձն առաւ մահը, եւ այն ալ խաչի մահը» (Փլպ 2.8), հնազանդութեան արդար պտուղը ճաշակելով։ Գերագոյն ինքնազոհողութեան այս արարքով, Պատուիրատու Աստուծոյ Միածին Որդին, կատարեալ պատուիրանապահութեամբ ազատագրեց մարդկութիւնը Չարի իշխանութենէն եւ «Զինք ընդունողներուն եւ Իր հետեւորդներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալ» (Յհ 1.12), առաջնորդելով զանոնք որ անմիջական յարաբերութիւն ունենան Աստուծոյ հետ եւ դարձեալ գոչեն՝ «Աբբա՛, Հայր» (Հռ 8.15):
Երբ կը կարդանք Եկեղեցւոյ Հայրերու գործերը, ճիշդ այսպէս կը հասկնան դրախտային կեանքը՝ վայելել Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Մեր նախածնողաց դառն փորձառութիւնը միշտ ի մտի ունենալով, բայց մանաւանդ զօրանալով երկնաւոր Հօր երանական ներկայութիւնը վայելելու խոստումը, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, միշտ ճաշակենք աստուածապարգեւ կենսատու պտուղ՝ պատուիրանները, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։