Առաջնորդարանէն

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ 10.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԱՐՑԱԽԻՆ

Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոգաբարձութիւնը, հետեւողականօրէն  շարունակելով «Սրտէ Սիրտ» արցախեան մեր եղբայրերուն եւ քոյրերուն օժանդակութեան հասնելու վսեմ առաքելութիւնը, անցեալ ամիս երկու հազար հինգ հարիւր (2500) տոլար փոխանցեցին Ազգային Առաջնորդարան, որպէսզի Երեւանի մէջ գործող «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հաստաութեան խողովակով անմիջապէս հասնի մեր կարօտեալ հարազատներուն։ Արդէն իսկ սոյն գումարը բաժնուեցաւ յիսուն ընտանիքի՝ յիսունական տոլարով։

Անցեալ Կիրակի, 21 Փետրուարին, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Արմէն Մորեան, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տասը հազար (10,000) տոլարի վճարագիր՝ չէք մը յանձնեցին այս նոյն վսեմ նպատակին համար գործածուելու։

Տէր Հայրը եւ տիար ատենապետը ամենայն խոնարհութեամբ յայտնեցին, թէ հոգաբարձութեան միասնական որոշումով, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանգանակութեամբ գոյացած այս գումարը մաս կը կազմէ մնայուն արշաւի եւ յանձնառութեան։

Օրհնաբեր այս նախանձախնդրութիւնը վստահ ենք որ համատարած պիտի ըլլայ Թեմիս բոլոր ծուխերէն ներս, որպէսզի ազգօգուտ եւ հայրենաշէն մեր ծառայութիւնը բերենք ի յառաջդիմութիւն մեր ժողովուրդին եւ ի փառս Աստուծոյ։