Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԸ՝ ԿԱՐԻՆ ՊԵՏԵԱՆ

Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Մայրենի Լեզուի միջազգային օրուան նախօրեակին էր «Սիամանթո»յի շաբաթական հանդիպումը, հետեւաբար դասերէն առաջ, մօտ կէս ժամ աշակերտները հիւր ունեցան Կարին Պետեանը, որուն հետ զրուցեցին իր նոր հրատարակած գիրքին մասին, որ խորագրուած է՝ «հայերէն հայքու»։

Աշակերտութենէն ոմանք ծանօթ էին ճաբոնական չափածոյի հայքու տեսակին, որ երեք տողերու սահման ունի եւ 5/7/5 վանկեր։ Անոնցմէ ոմանք նաեւ ծանօթ էին Կարին Պետեանին՝ hայ երիտասարդական հաւաքներէն։

Կարինը հետաքրքրական եւ ինքնատիպ բացատրութիւններ տուաւ.

ա. ան որպէս ծածկանուն ընտրած էր իր իսկական մականունին կատակ-պարզ-թարգմանութիւնը, Պետեանը դարձնելով անկողինեան

բ. ծայրայեղ հայու մօտեցումով նոյնիսկ գրքի արձանագրութեան չորս թիւերը հայերէնով զետեղած էր․

գ. հայքու ընտրելու իր մղումը եղած է այն, որ ընթերցելու սահմանափակ կարողութեան մարդը երկարապատում տողեր տեսնելով չխրտչի ու ծալէ գիրքը․

դ. հարցումի մը թէ ինչու նոյնիսկ իր եւ գրքին անունը գլխագիրով չէր գրած, Կարին հաստատեց, որ պարզագոյնին եւ ամենէն դիւրինին երթալու իր միտումն էր, որ ընթերցողը ամէն գնով բան մը կարդայ, պատճառ չունենայ ընկրկելու։

Ուրիշ երիտասարդի մը՝ Ռուբէն Ճանպազեանի («Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հանրային յարաբերութիւններու տնօրէն) խմբագրութեամբ, այս գիրքին մէջ շատ  անմիջական նօթեր կան այս ու այնտեղ, օրինակ՝ իրաւունքներու պաշտպանութեան պարագային կամ երկու խօսքին մէջ։

Ապա, հիւրը անցաւ քանի մը հայքուներու ընթերցման, որոնցմէ մին աշակերտուհի Քնար Քրաֆեանը տեղւոյն վրայ թարգմանեց անգլերէնի։ Խորագիրը՝ «սնուզ» [“snooze”] (հայերէն՝ մրափ, նիրհ).

«Հանգիստ քնանալ

կէս ժամ առաջ ըսած էի

5 վայրկեան եւս»

Ընթերցումը կը ցոլացնէր ճիշդ այդ պահու վիճակը աշակերտներուն, որոնք իրենց պատանիի մրափի ժամերը նուիրելով «Սիամանթօ» լսարանին, յանձն կ՚առնեն նստիլ զումի պաստառի ետին վեցերորդ օրուան ընթացքին։

Կարին Պետեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի նման թարմ ուժերու թարմ մատուցումը կը վստահեցնէ, որ սերունդը՝ ի՛նչ ալ ըլլայ գալիքը եւ ո՛ւր ալ ըլլայ այդ, հայօրէն կը շարունակէ իր ճամբան։