Առաջնորդարանէն

Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ

Երէկ՝ Չորեքշաբթի, Մարտ 3ին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան երրորդ բաժինը։ Վեց շաբաթներու վրայ երկարող այս սերտողութիւնը նուիրուած է Սաղմոսներուն եւ զայն կը վարէ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։ Սերտողութիւնը տեղի կ՚ունենայ առցանց, երեկոյեան ժամը 8:00էն մինչեւ 9:00, որուն կը հետեւի հարց ու պատասխանի շահեկան բաժին մը։ Շուրջ հարիւր հոգի արձանագրուած է։ Եթէ կը փափաքիք մասնակցիլ, հաճեցէք ձեր անունն ու հեռաձայնի թիւը ղրկել shant@armenianprelacy.org հասցէին։