Առաջնորդարանէն

SALT & LIGHT-Ի ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՒԱՔ

Salt & Light երիտասադական առաքելութեան խումբերը կը շարունակեն իրենց կանոնաւոր հանդիպումները՝ առցանց։ Ծրագրի նիւթերը անհրաժեշտ փոփոխութեան ենթարկուած են՝ խումբերու նոր ձեւաչափին յարմարելու համար, եւ համակարգողները կը շարունակեն առիթներ ստեղծել, որ մեր պատանիները շարունակեն իրենց հաւատքի քննարկումը մերօրեայ պարագաներու լոյսին տակ։ Խումբերը իրենց տարեկան Պահքի հաւաքը պիտի գումարեն Շաբաթ, 13 Մարտին, ուր մասնակիցները աղօթքի, ծոմի եւ ողորմութեան կալուածներուն մէջ գործնական կարելիութիւններ պիտի հետազօտեն։ Այս ձեռնարկը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ մեր տարբեր ծուխերու պատանիները քով-քովի գան, թէեւ առցանց կերպով, իրարու հանդիպելու եւ ծանօթանալու, խորացնելով իրենց հաւատքն ու Հայ Եկեղեցւոյ հետ կապը։

Կը քաջալերենք խումբերուն չմասնակցող պատանիներ, որ մասնակցին՝ Salt & Lightի գործունէութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու համար։  Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, գրեցէք Երիտասարդական Առաքելութեան վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Անի Օվաննէսեանին, a.ovanessian@armenianprelacy.org հասցէին։