ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ (մահ՝ 5 Մարտ, 1909)
Աշուղ Ջիւանի, Սայաթ Նովայի աշուղական հարազատ աւանդութիւնը շարունակող մեծ անուն մըն է, որուն կարգ մը երգերը, ի մասնաւորի՝ «Ձախորդ օրեր»ը, մինչեւ օրս կը շարունակեն վայելել մեծ ժողովրդականութիւն։
Բուն անունով՝ Սերովբէ Բենկոյեան, իր մականունը ապա դարձած է Լեւոնեան։ Ծնած է Ախալքալաքի շրջանի Քարծախ գիւղը։ Հօրմէ որբացած է ութ տարեկանին եւ մայրը վերամուսնացած ու փոխադրուած է այլ գիւղ մը, Սերովբէն ու իր երկու եղբայրները ձգելով իրենց հօրեղբօր խնամքին տակ։ Ապագայ աշուղը հազիւ գրել-կարդալ սորված էր գիւղական դպրոցին մէջ, երբ ստիպուած է դպրոցը լքել՝ հորթարած դառնալով։ Հինգ տարի երաժշտութիւն ուսանած է ուստա Ղարա-Ղազարի մօտ, որուն հետ նաեւ սորված է քեմանչա եւ ջութակ նուագել։ 1866ին, արդէն Ջիւանի անունը առած, աշուղ Սազայինի հետ փոխադրուած է Թիֆլիս։
Աշուղ Ջիւանիի գեղարուեստական զարգացումը կապուած է Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) երաժշտական մշակոյթին հետ։ Հոն ապրած է 1868-1895ին, գլխաւորելով երաժիշտներու շրջանակ մը, որ իրեն արժած է «ուստապաշի» տիտղոսը։ 1871ին, արդէն իր սեփական խումբը կը գլխաւորէր, ելոյթներ ունենալով Տալոյեան եղբայրներու սրճարանին մէջ։ Յաջորդ տարին, ամուսնացած է սրճարանատէր Յովհաննէս Տալոյեանի դստեր՝ Աշխէնի հետ։ Ունեցած են վեց զաւակներ, որոնցմէ յատկապէս նշանաւոր եղած են արուեստաբան, խմբագիր ու մատենագէտ Գարեգին Լեւոնեանը (1872-1947) եւ հանրային գործիչ Պարոյր Լեւոնեանը (1884-1933)։
Ջիւանի համերգներ տուած է ամբողջ Անդրկովկասի մէջ, ներառեալ Պաթում, Պաքու, Կարս եւ Թիֆլիս, ուր վերադարձած է 1895ին։ Սակայն, անոր հռչակը բաւարար չէ եղած, որ ընտանիքի բարօրութիւնը պահէ։ 1896-1900ին ճամբորդած է Փլովտիւ (Պուլկարիա) եւ ապա՝ Վիեննա, ջանալով իր տեսողութիւնը վերականգնել, բայց առանց յաջողութիւն գտնելու։
Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երեք հատորներ (1882, 1886 եւ 1893)։ Հեղինակած է աւելի քան 800 երգեր՝ սիրային, հեգնական կամ իրապաշտ ոճով։ Ինքնակրթութեամբ, յաջողած է հայ գրականութեան լաւ ծանօթութիւն ունենալ։ Ջիւանիի երգերը գլխաւորաբար ընկերային բողոքի, աղքատութեան եւ անիրաւութեան մասին են, նաեւ անդրադառնալով հայոց պայքարին օտար տիրապետութեան դէմ եւ մարդկութեան եղբայրութեան։ Աշուղ Ջիւանիի երաժշտութիւնը մեկնաբանուած կամ օգտագործուած է Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, Կոմիտաս Վարդապետի, Արամ Խաչատուրեանի եւ այլոց կողմէ։
Ջիւանի մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 5 Մարտ, 1909ին։ Անոր անունը կը կրէ Երեւանի մէջ գործող աշուղական արուեստի դպրոց մը, ինչպէս եւ փողոցներ՝ Երեւանի, Գիւմրիի ու այլ քաղաքներու մէջ։