17-18 Փետրուարին, «ԱՔԹ Ըլայընս»՝ համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորումին, կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։
Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, 145 եկեղեցիներու դաշինքով կազմակերպուած «ԱՔԹ Ըլայընս»-ը նախատեսած է իրագործել կլիմայական արդարութեան նուիրուած զանազան ծրագիրներ՝ տարածաշրջանային եւ ազգային գործընթացներու միջոցով, որոնք ՄԱԿի «Կայուն Զարգացման Նպատակներ»ուն եւ «Փարիզի Կլիմայի Համաձայնագիրներ»ուն համահունչ պիտի ըլլան։
Տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ տեղի ունեցած այս երկխօսութիւնը կը ձգտի խրախուսել տեղական եկեղեցիները, հաւատքի վրայ հիմնուած ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարական մարմինները անդրադառնալու կլիմայի ճգնաժամի հրատապ մարտահրաւէրներուն։
Երկխօսութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Լիբանանի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները, ինչպես նաեւ բնապահպանական համաձայնագրերու նկատմամբ երկրի ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործման ընթացքը: