Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց պատմաբան դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի այցելութիւնը Առաջնորդարանէն ներս։ Տեսակցութեան ընթացքին, արծարծուեցան ազգային-մշակութային բնոյթի զանազան հարցեր, յատկապէս անդրադառնալով դոկտ. Մուրատեանի վերջերս լոյս տեսած “The Resistance Network” գիրքին, որուն գինեձօնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի մէջ, Ուրբաթ, 26 Փետրուարին։

Յայտնենք, որ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, որ կը դասաւանդէ Գոլումպիա համալսարանին մէջ, վերջերս նշանակուած է Գոնկրէսի գրադարանի հայկական եւ վրացական բաժանմունքի պատասխանատու։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց դոկտ. Մուրատեանին՝ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման առաքելութեան մէջ։