ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Սրտագին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք հաւատալով Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան, սիրայօժար ընդառաջեցին տարեփակի կոչիս եւ ուրախութեամբ կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուէրը, որպէսզի հեզասահ կերպով շարունակենք մեր ծրագիրները, մանաւանդ պսակաձեւ ժահրի յառաջացուցած համաշխարհային այս տագնապի շրջանին։
Մեր Տիրոջ պատգամին լոյսին տակ, որ անցնող Կիրակի կարդացինք դրամի մասին (Ղկ 16.1-9), մեզի համար այնքան գօտեպնդիչ է վկայել, որ մեր հաւատացեալները ամենայն խոհեմութեամբ կը գործածեն զայն, որպէսզի ընդարձակուի մեր ծառայութեան դաշտը եւ զօրանան մեր համայնքները, ի փառս Բարերար Աստուծոյ՝ Աղբիւրը ամենայն բարեաց։
Առողջութեան, կեանքի բնականոնացման եւ երջանկութեան սրտագին մաղթանօք,
Աղօթարար,
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ