Առաջնորդարանէն

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2021-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), առցանց հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու՝ եկեղեցական, կրօնական, երեք թեմերը յուզող անմիջական ու հասարակաց հարցեր, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն վրայ:
Անուշաւան ու Բաբգէն արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Թորգոմ Եպիսկոպոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ, եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Այնուհետեւ, օրակարգի նիւթ դարձան պսակաձեւ ժահրի յարուցած խնդիրներն ու եկեղեցական-ծիսական արարողութեանց պատշաճեցումները՝ յաւուր պատշաճի, նկատի ունենալով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքներն ու պետական կանխարգիլման դրոյթները: Հաշուի առնելով, որ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կատարուելիք Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարը այս տարի տեղի պիտի ունենար Նիւ Եորքի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանները յարմար նկատեցին տարիով մը յետաձգել համագումարը:
Ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ իւրաքանչիւր ամիս կրկնել առցանց հանդիպումները, որոնք պիտի ծառայեն արդիւնաւոր գործի ու առաքելութեան միասնաբար պատշաճեցման ու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ փորձառութեանց փոխանակման ու վերաշխուժացման աւելի արդիւնաւոր միջոցներ որոնելու: Երեք առաջնորդները որոշեցին յառաջիկայ ամիսներուն՝ ամենապատեհ առիթին, հանդիպում մը կայացնել թեմերէն մէկուն մէջ, համադրական աշխատանքեր մշակելու եւ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու, ի խնդիր մեր Եկեղեցւոյ ու թեմերու պայծառացման: