Մեր դպրոցներէն

«ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ» ԴՊՐՈՑԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի երկրորդ դասարանը իր դասատու՝ տիկ. Սիլվա Պետեանի ղեկավարութեամբ, կը դիտէին «Գանձերու կղզին» մանկապատանեկան ֆիլմաշարը։

Ամէն Շաբաթ օր մէկ բաժին միասնաբար դիտելէ ետք, անոնք կը բաժնեկցէին իրենց կարծիքները։

Այստեղ երկու աշակերտներ՝ Արարատ Թոքմաքճեանը եւ Սամուէլ Մեհրապեանը կը կարդան իրենց տպաւորութիւնները։