ԶՕՐԱՎԱՐ ՍՄԲԱՏ (մահ՝ 20 Մարտ, 1956)
Զօրավար Սմբատ՝ անվեհեր հայդուկը եւ Անդրանիկի զինակիցը, քսան տարի անխոնջ պայքար մղեց Հայաստանի ազատագրութեան համար եւ այն քիչ ֆետայիներէն եղաւ, որոնք իրենց գերեզմանը ունին ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ։
Սմբատ Բորոյեան ծնած է 27 Օգոստոս, 1875ին, Մշոյ մէջ։ Աւարտած է տեղւոյն վանական դպրոցը։ 1900 մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը եւ գործակցած՝ Անդրանիկի ու Հրայր Դժոխքի հետ։ Ահաբեկած է Աղբիւր Սերոբի մատնողներէն մէկը։ 1901ին մասնակցած է Առաքելոց վանքի կռիւին՝ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, իսկ 1904ին՝ Սասունի ինքնապաշտպանութեան։ Ինքնապաշտպանութեան պարտութենէն ետք, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ միւս ֆետայիներուն հետ, շարունակած է կռուիլ թրքական զօրքերուն դէմ Մշոյ դաշտին մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ Աղթամարի մէջ, դարձեալ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ (Յուլիս 1904)։
Սմբատ, որ նաեւ ծանօթ էր Մախլուտօ անունով, անցած է Կովկաս, ուր 1905-1906ի հայ-թաթարական կռիւներուն ղեկավարած է Ղամարլուի (Արտաշատ) շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը։ Ապա, կուսակցութեան որոշումով, Իրան անցած է եւ իր խումբով գործօն մասնակցութիւն բերած՝ 1905-1912ի իրանական յեղափոխութեան։
Յեղափոխութեան պարտութենէն ետք, Սմբատ անցած է Մուշ, ուր ապրած եւ ամուսնացած է։ Սակայն, Ա. Աշխարհամարտի պայթումէն ետք, վերստին զէնք վերցուցած է։ Մեկնած է Կովկաս, մտած է կամաւորական առաջին գունդը՝ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, դառնալով վերջինիս օգնականն ու վաշտապետը։ Անդրանիկի հետ մասնակցած է Դիլմանի ճակատամարտին (Ապրիլ 1915), Պիթլիսի ազատագրումին (Փետրուար 1916) եւ բազմաթիւ այլ մարտերու։ Մայիս 1917ին տեղի ունեցած արեւմտահայոց առաջին համագումարին, Սմբատ Արեւմտահայ Ազգային Խորհուրդի անդամ ընտրուած է, իսկ ամրան՝ Ալաշկերտ գործող հայկական ջոկատի հրամանատար։ Անդրանիկի ջոկատին հետ կռուած է Էրզրումի մէջ (Փետրուար-Մարտ 1918), այնուհետեւ մասնակցելով Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին (Մայիս 1918)։ Անդրանիկի հետ Դիլիջանի ճամբով անցած է Ելենովկա (Սեւան)-Նոր Բայազէտ (Գաւառ)-Նախիջեւան-Ջուղա-Խոյ, մասնակցելով Ջուղայի կամուրջի եւ Յունիս 1918ի Խոյի պաշարումին ու գրաւումին, իսկ Յուլիս 1918ին՝ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան։
1918ի աշնան, բաժնուելով Անդրանիկէն, Սմբատ վերադարձած է Երեւան ու ընտրուած՝ Արեւմտահայ Գործադիր Մարմնի անդամ։ 1919ի ամրան, սասունցիներու զօրամասով անցած է Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերը՝ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները ատրպէյճանցիներէն պաշտպանելու համար։ 1920ի աշնան, իր գլխաւորած զօրամասը մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին Կարսի ճակատին վրայ։ Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք, Նոյեմբեր 1920ին, Սմբատ նահանջած է Արագածի բարձունքը, ուր ծանր վիրաւորուած է կռիւի ընթացքին եւ տեղափոխուած՝ Երեւանի հիւանդանոց։
Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, զօրավար Սմբատ Թալինէն ու Աշտարակէն դէպի Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարն էր։ Նահանջող ուժերուն հետ անցած է Թաւրիզ (Պարսկաստան), ուր երկրորդ անգամ ամուսնացած է։ Իրանէն մեկնած է Եգիպտոս ու ապա՝ Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ֆրէզնօ։
1933ին, զօրավար Սմբատ տեղափոխուած է Մարսէյլ եւ երեք տարի ետք հրատարակած է ի յուշերը։ Գրեթէ 70ամեայ հին հայդուկը Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած է ֆըանսական դիմադրական շարժման մէջ։ 1947ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պահակի համեստ պաշտօնին նշանակուած է։ Իր մահկանացուն կնքած է 20 Մարտ, 1956ին եւ, ըստ իր ցանկութեան, թաղուած Ս. Գայիանէ վանքի բակը՝ Րաֆֆիի Խենթի (Սամսոն Տէր Պօղոսեան) կողքին։ Սմբատ-Մախլուտոյի փոթորկալից կեանքին նուիրուած է Խաչիկ Դաշտենցի յետմահու լոյս տեսած վէպը՝ «Ռանչպարների կանչը» (1979)։ Երեւանի փողոցներէն մէկը կը կրէ Սմբատ Բորոյեանի անունը։