ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Այս Շաբաթ, 20 Մարտին, նորօծ Արժ. Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեանը քառասնօրեայ իր պահեցողութեան շրջանը աւարտած ըլլալով, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցանէ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապ տօնին առթիւ։
Յաջորդ օր՝ Կիրակի, 21 Մարտին, Գեր. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Տ. Կարապետ քահանան պիտի նշանակէ հոգեւոր հովիւ Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։ Այդ առթիւ, նորընծայ Տէր Հայրը պիտի մատուցանէ հովուական իր անդրանիկ պատարագը։
Յայտնենք, որ Տէր Կարապետը կը յաջորդէ Տէր Վահան քահանայ Գույումճեանին, որ անձնուիրաբար անցնող երկու տարիներուն ծառայեց որպէս հովիւ սոյն եկեղեցւոյ։
* * *
Կիրակի, 21 Մարտին, Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցանէ որպէս հոգեւոր հովիւ Կրանիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Իլինոյ)։ Տէր Հայրը՝ շրջանաւարտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն, անցեալ տարուընէ ի վեր կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ եւ որպէս արտահաս հովիւ կը ծառայէր Թեմէս ներս, վայելելով Ջրաւանի (Ուոթըրթաուն-Պոսթըն) Ս. Ստեփաննոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Անդրանիկ Աւագ Քհն. Պալճեանի եւ հոգաբարձութեան անմիջական հոգածութիւնը։
Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները սրտագինս յաջողութիւն կը մաղթեն մեր զոյգ հոգեւոր հայրերուն, որպէսզի Բարի Հովիւին առաջնորդութեամբ եւ Քրիստոսի կենդանի վկայ՝ բազմաչարչար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրինակով, ծառայեն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս մշակ առանց ամօթոյ, ի պայծառութիւն մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացման եւ ի փառս Աստուծոյ։