Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱԶԳԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ (ծնունդ՝ 31 Մարտ, 1923)

Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը՝ մեր գրականութեան ու աստուածաբանութեան գլուխ գործոցը, անցեալ դարուն աշխարհաբարի վերածելու հինգ տարբեր փորձերու արժանացած է։ Քիչ ծանօթ առաջինը կատարած ու 1902ին հրատարակած է լրագրող Միսաք Գօչունեան (Քասիմ)՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի ապագայ հիմնադիրը։ Երկու տասնամեակ ետք, անոր հետեւած է Թորգոմ Արք. Գուշակեան, որուն աշխարհաբարի թարգմանութիւնը (Գահիրէ, 1926) բազմաթիւ տպագրութիւններու արժանացած է, վերջինը՝ Անթիլիասի մէջ, անցեալ տարի։ Այս երկու արձակ թարգմանութիւններուն հետեւած է Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի տաղաչափուած թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած է Պուէնոս Այրէս, 1948ին, եւ վերատպուած՝ 1983ին եւ 2003ին։

Այս թարգմանութիւնը շատ աւելի ուշ ունեցած են իրենց շարունակութիւնը Հայաստանի մէջ։ Առաջինը եւ ամենէն ժողովրդականը, հաւանաբար, Մկրտիչ Խերանեանին կը պատկանի, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 1960ին, եւ այնուհետեւ վերատպուած՝ ութ անգամ (վերջինը՝ 2020ին)։ Անոր հետեւած է Վազգէն Գէորգեանի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ ամբողջութեամբ հրատարակած է 1979ին եւ ունեցած՝ երկու տպագրութիւն (վերջինը՝ Անթիլիաս, 2005)։ Վերջինը այս շարքին կատարուած է Մեսրոպ Քհն. Արամեանի կողմէ (Երեւան, 2019)։

Գրաբարագէտ Վազգէն Գէորգեան, որուն թարգմանութիւնը ժամանակին լաւագոյնը նկատուած է գրական քննադատութեան կողմէ, ծնած է Ներքին Ախտա (այսօր՝ Հրազդան), 31 Մարտ, 1923ին։ 1940ին աւարտելէ ետք Երեւանի թիւ 13 դպրոցը, նոյն տարին մտած է Երեւանի պետական համալսարանի լեզուագրական ճիւղը։ 1941-1943ին մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտին, բայց ծանրօրէն վիրաւորուած ու ծառայութենէ արձակուած է, ստանալով առաջին կարգի շքանշան իր ծառայութեան համար։ Համալսարան վերադառնալով, շրջանաւարտ եղած է 1945ին ու յաջորդ տարի մտած՝ ասպիրանտուրա։ 1950ին պաշտպանած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի (առաջին դոկտորայի) աւարտաճառը։

Վ. Գէորգեան աւելի քան կէս դար գրաբար դասաւանդած է համալսարանին մէջ, նախ իբրեւ հայոց լեզուի ամպիոնի (մինչեւ 1984) եւ ապա՝ հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի դասախօս՝ մինչեւ մահ։ 1952ին ստացած է դոցենտի տիտղոսը (որ կը տրուի այն դասախօսներուն, որոնք իրենց թեկնածուական կամ դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած են, իսկ 1991ին՝ փրոֆեսորի տիտղոսը։

Թարգմանած է ռուս բանաստեղծ Միխայիլ Լերմոնտովի գործերը, ու նաեւ գրած է ողբերգութիւն մը անոր կեանքին մասին («Լերմոնտով», 1956)։ 1971ին, հրատարակած է միջնադարեան պատմիչ Արիստակէս Լաստիվերտցիի «Պատմութեան» աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։

1970ին, Վ. Գէորգեան հրատարակած էր Նարեկէն հատուածներ՝ աշխարհաբարով, իսկ 1979ին՝ ամբողջական թարգմանութիւնը, որուն համար արժանացած է «Ստեփան Զօրեան» մրցանակին (1980)։ 1979ին հրատարակած է նաեւ Նարեկացիի «Տաղեր»ը՝ աշխարհաբարով։

Վազգէն Գէորգեան իր մահկանացուն կնքած է 15 Մայիս, 2002ին, Երեւանի մէջ։ Անոր անունով կոչուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղի լսարաններէն մէկը։