ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Կ՚ողջունեմ ձեզ բոլորդ այն սուրբ սիրով, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց մեզի իր Խաչի ճամբով եւ զայն ոռոգեց Իր Յարութեամբ, եւ մեզ ողողեց յաւիտենական կեանքի յոյսով եւ ցնծութեամբ։
Սուրբ Յարութեան առթած մշտանորոգ Յոյսը, ինչպէս բոլոր դարերուն, այսօր եւս ունի գոյութենական ուժականութիւն եւ պատգամ, մանաւանդ մեզի՝ այսպէս կոչուած պսակաձեւ ժահրի սերունդին համար։ Ճիշդ է, որ ենթարկուեցանք պատմութեան ամենէն անողոք համաճարակներէն միոյն, այնուամենայնիւ, փառք Տիրոջ, որպէս Աստուծոյ պատկերը կրող բանաւոր էակներ, կարողացանք մահասփիւռ սպառնալիքը վերածել դրական ոյժի՝ Համագործակցութեան, Յանձնառութեան եւ Նորարարութեան ոյժի։
Որպէս Հայ Քրիստոնեաներ, Յարութեան յոյսը լինելութեան մղիչ ոյժ դարձած է մեր ժողովուրդին համար։ Ի մասնաւորի անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր, երբ ազգովին անասելի տագնապ կ՚ապրինք Արցախեան անարդար պատերազմի, միջազգային քար լռութեան եւ ներքին ամօթալի դաւադրութեան ու երկփեղումի հետեւանքով, Յարութեան յոյսն է, որ կը ջրդեղէ մեր հաւաքական կամքն ու միութեան ոգին, եւ թռիչք կու տայ մեր ձգտումներուն ու երազներուն։ Մեր Պատմութիւնը վկա՛ն է այս ճշմարտութեան՝ Աւարայրէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ վերընձիւղուեցաւ Հայաստանի անկախութեամբ։
Մեր նախահայրերուն նման վկաները ըլլալով, որ Յարութեան յոյսը մեր ինքնութեան եւ ժառանգութեան կենսական տարրը եղած է,
Նոր երգ երգենք յարուցեալ Տիրոջ,
Յարութեամբ նորոգուած մեր հոգիներու եւ տեսիլքներու նորոգումը ողջունենք,
Տօնախմբենք մեր Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ վերակենսաւորումը՝ վերստին կառուցելով մեր հայրենիքը՝ հիւրընկալ երկիրը Նոյեան Տապանին եւ օրրանը մարդկութեան։
Անգամ մը եւս զիրար ողջունենք հաւատարծարծ բարի լուրով, եւ ըսենք, «Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս, Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ