Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Անթիլիաս, Ս. Զատիկ 2021

Թիւ 33/21

Գերաշնորհ
Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին
Նիւ Եորք

Սիրելի՛ Սրբազան,

«Միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28.20)։ Այս խոստումը տուաւ Յարուցեալ Քրիստոս իր առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած աշակերտներուն։

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Քրիստոս իր եկեղեցւոյ հետ եղաւ պատմութեան ամենէն դաժան պայմաններուն մէջ։ Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով ու յոյսով շաղախուած, եկեղեցին մնաց կանգուն ու կենսունակ՝ ահաւոր ջարդերուն, հալածանքներուն ու քանդումներուն դիմաց։

Այսպէս եղաւ նաե՛ւ Քրիստոսի յարութեամբ հզօրացած եւ ժողովուրդին տագնապներուն հետ ինքզինք նոյնացուցած հայ եկեղեցին։ Արդարեւ, իր հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ ու ժողովրդանուէր ծառայութեամբ, հայ եկեղեցին յարուցեալ Քրիստոսի հրաշագործ ներկայութիւնը ապրեցուց մեր կեանքին մէջ։

Այսօր, բազմազան տագնապներով շրջապատուած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մեր եկեղեցին, հաւատարիմ իր սրբազան առաքելութեան, կոչուած  է Քրիստոսի յարութեան շունչով վերանորոգելու մեր կեանքը՝ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումը եւ ծառայութիւնը դարձնելով իր վկայութեան սեւեռակէտը։

Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ վերանորոգուած, հոգեւոր դասուն ու Ազգ. Իշխանութեան հետ միասին առաւել նուիրումով շարունակէք ձեր ծառայական առաքելութիւնը՝ ձեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ