ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԻ «Let’s Chat 4 – Զրուցենք 4» ԶՐՈՒՑԱՏԵՏՐԸ
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հրատարակութեամբ, օրեր առաջ լոյս տեսաւ «Let’s Chat 4 – Զրուցենք 4» զրուցատետրը։ Այս շարքի չորրորդ միաւորը կառուցուած է նախորդներու սկզբունքներուն վրայ։ Այստեղ, զրոյցի վերնագիրները ուղղուած են տարեկան օրացոյցի կարգով, ու խօսակցութիւնը կը հիւսուի տուեալ առիթներուն բովանդակութեան շուրջ եւ օրուան ընթացքին։ Օգտագործողը՝ առանց անդրադառնալու, հիմնական գիտելիքներու զուգահեռ պիտի իւրացնէ հարուստ բառամթերք եւ գործածութեան պարզ եղանակ` իր զրուցակիցին հետ կամ առանձին։
«Let’s Chat – Զրուցենք»ի ամբողջական շարքը կը հրատարակուի Տոքթ․ Արամ եւ Սեդա Սեմերճեաններու հետեւողական ու սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ մտահոգ մեկենասութեամբ։
Յանձնարարելի է անխտիր բոլոր տարիքներուն։
Տարիներէ ի վեր շարունակաբար լոյս տեսած այս շարքի «Let’s Chat 1 – Զրուցենք 1»ը «Let’s Chat 2 – Զրուցենք 2»ն ու «Let’s Chat 3 – Զրուցենք 3»ը, նոր հրատարակուած «Let’s Chat 4 – Զրուցենք 4»ի կողքին, որպէս մէկ ամբողջութիւն կամ առանձին-առանձին կարելի է ապահովել Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն, գրելով՝ books@armenianprelacy.org հասցէին, կամ հեռաձայնելով գրախանութի վարիչ՝ տիկ․ Ռիթա Կիրակոսեանին, 212-689-7810 թիւով։