Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻՆ

Շաբաթ, 10 Ապրիլին, Կիրակնամուտի ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուչութեան արարողութիւնը։

Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Իսկ Վեհափառ Հայրապետի յատուկ արտօնութեամբ, Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը Ծայրագունութեան աստիճանները պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերէն ներս։

Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։ Ան իր քարոզին առանցքը դարձուց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը՝ արտասանուած Լերան Քարոզի պահուն.- «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը Ոչ. անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37)։ Ան յիշեցուց, որ Յակոբոս առաքեալ ընդհանրական իր նամակին մէջ նոյն խօսքը կ՚արտասանէ. սակայն աւելի վերլուծական ու խորունկ զայն կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալ՝ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին սկզբնաւորութեան, եւ կը յայտարարէ, որ Աստուծոյ «այո»ն մարդկութեան եւ աշխարհի համար նոյնինքն Քրիստոսն է եւ Քրիստոսի անուններէն մէկն է «այո»ն։ Ան հնազանդեցաւ Իր Հօրը կամքին, խօսեցաւ Հօրը խօսքը, տարածեց մարդկութեան փրկութեան աւետիսը եւ Իր կեանքի գնով զայն պատշտպանեց։

Ձեռնադրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական օրհնութիւնը  եւ թելադրանքները հաղորդեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն։

Նշենք, որ Ուրբաթ, 9 Ապրիլին, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած էր Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու աւարտաճառերու պաշտպանութիւնը։

Ներկայացուեցան հետեւեալ աւարտաճառերը.

Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան՝ «Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի նամակագրութիւնները Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսներուն հետ»,

Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան՝ «Իսրայէլի հետքերով (ցեղ, ազգ, մշակոյթ եւ ինքնութիւն)»,

Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան՝ «Սուրբ Գրային հակասութիւններ եւ ուղղափառ բանաձեւեր»,

Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան՝ «Չորս տարիներ Գեհենի մէջ (Նահատակաց յիշատակը օրհնեալ ըլլայ յաւիտեան)»,

Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան՝ «Սուրբ Գրային յունարէնի դասագիրք»,

Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան՝ «Յունաստանի հայկական եկեղեցիները»,

Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան՝ «Սուրբ Գրային ու կրօնաբարոյական վերլուծումներ եւ ուսումնասիրութիւններ»,

Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասունքները»։

 

Աւարտաճառերուն նիւթերու ներկայացումէն եւ պաշտպանութեէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց իր մատնանշումներն ու թելադրանքները եւ տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ։ Միաժամանակ, ան իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատասիրութիւններուն գծով։

 

Աւարտին, առ ի գնահատանք Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանին՝ Մայրավանքէն ու Դպրեվանքէն ներս կատարած իր ծառայութեան, Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ կրելու իրաւունքը շնորհեց անոր։