Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՍԷՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԷՈՒԹԻՒՆԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 11 Ապրիլ)

Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ծանօթ է Նոր Կիրակի անունով, որով  անգամ մը եւս եկեղեցին կը շեփորէ նորոգութեան ոգին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեամբ։ Այս առթիւ, կը կարդանք Յովհաննու Աւետարանի սկզբնագլուխը՝ «Սկիզբէն էր Բանը՝ Խօսքը, եւ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր։ Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց, առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց։ Կեանքը Անով սկիզբ առաւ․․․Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք Անոր փառքը, փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 1.1-18)։

Այս հատուածը  Աստուածաշունչ մատեանին ամենէն խորունկ ընթերցումներէն մին կը ներկայացնէ որպէս աստուածաբանութիւն, բանաստեղծութիւն եւ երաժշտութիւն։ Արդարեւ, նոր արարչութեան եւ կեանքը հասկնալու սքանչելի նոր մօտեցում մը կը հայթայթէ մեզի մեր սրբազան ուխտագնացութեան մէջ կեանքէն՝ Կեանք, որպէս անմահներ։

Հետեւեալ չորս մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել այս հոյակապ հատուածէն։

ա․ Յաճախ հետեւեալ հարցումը կ՛ըլլայ, թէ ի՞նչ կարիք կայ չորս Աւետարաններու։ Մէկը միայն բաւարար չէ՞ արդեօք։ Ահա, այս հատուածին մէջ իսկ մենք կը գտնենք պատասխանը։ Իւրաքանչիւր Աւետարանիչ ունի իր իւրայատուկ մօտեցումն ու մեկնաբանութիւնը Արդարութեան Արեգակի արշալոյսին, եւ առհասարակ Անոր երկրաւոր առաքելութեան։ Սուրբ Մարկոս կը սկսի Աւետարանը Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեամբ, եւ անմիջապէս ետք Յիսուսի մկրտութեամբ։ Սուրբ Մատթէոս կը սկսի Յիսուսի ծննդաբանութեամբ եւ ծնունդով։ Սուրբ Ղուկաս կը սկսի Եղիսաբէթի եւ Մարիամի յղութեամբ եւ Յովհաննէսի ու Յիսուսի ծնունդով։ Սուրբ Յովհաննէս, որուն խորհրդանշանը արծիւն է, որպէս բանաւոր արծիւ կը սլանայ ու կը ճախրէ ո՛չ միայն բարձունքներու մէջ, այլ անդրանցնելով ժամանակ ու տարածք,  կը հասնի մինչեւ Սկիզբը բոլոր սկիզբներուն։ Չորս Աւետարանիչները իրենց ներածականի ընդմէջէն աշխարհայեացքներու տարբերութեանց հարստութեամբ, մեզի կը ներկայացնեն Յիսուս-Քրիստոս Աստուած-մարդու անգերազանցելի պատկերը։

բ․ Քրիստոսի վերագրուած ՝ «Խօսք» բառը պէտք չէ պարզ քերականական մօտեցումով հասկնանք։ Աւետարանի բնագիրը յունարէն ըլլալով, Լոկոս՝ «Խօսք» բառը կը նշանակէ նաեւ իմաստութիւն։ Աւետարանիչը կը հաւաստիացնէ, որ այնքան բարդ այս տիեզերքը գոյացաւ ո՛չ թէ պատահաբար, այլ Աստուծոյ Իմաստութիւն Յիսուս Քրիստոսով, որով ամէն ինչ եղաւ եւ առանց Իրեն ոչինչ եղաւ։ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին նաեւ սորվեցուց որ աստուածային Իմաստութիւնը սոսկ փիլիսոփայական վերացական գաղափար մը չէ, այլ անոր էութիւնը կը կազմէ սէրը։ Հետեւաբար, Աստուած կ՚ակնկալէ իմացականութեամբ օժտուած արարածներէս որ մեր կարգին մե՛նք եւս գիտակցաբար ու սիրով պատասխանենք Իր սիրոյն։

գ․ Ամփոփ բառերով Աւետարանիչը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն Հին Կտակարանի ինքնագոյ Աստուած՝ Հինաւուրցը  (Դան 7.9), զոր Արիստոտէլ յոյն փիլիսոփան կը ներկայացնէ որպէս «Անպատճառ պատճառ՝ բոլոր պատճառներու Պատճառ», այլ նաեւ Որդի մարդոյ-ն որ կատարեալ Աստուած է, եւ որ կատարեալ մարդ եղաւ: Փիլիպպոս Առաքեալ, երբ հարցուց Յիսուսի որ ցոյց տայ Հայրը, Յիսուս պատասխանեց, «Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս է: (Յհ 14.8-10)։ «Եւ Բանը մարմին եղաւ» այս խօսքը ամենէն դրական հաստատումն է, թէ Սուրբ Գիրքով փոխանցուած ճշմարտութեամբ Եկեղեցին կը հաւատայ թէ մարմինը որպէս տաճար Սուրբ Հոգւոյն  (Ա Կր 6.19), սուրբ է եւ որպէս այդպիսին պէտք է յարգուի, որովհետեւ Յարութեան օրը «Յիսուս Քրիսոս մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը» (Փիլ 3.20-21)։

դ․ Առանց վիճաբանութեան մէջ մխրճուելու աղանդաւորական ուսուցումներու մասին, թելադրելի է որ հաւատացեալները զգոյշ ըլլան երբ Եհովայի վկաները իրենց դուռը թակեն, որոնց ազդու զէնքը այն է որ կ՛ըսեն, թէ «մենք “նոյն” Սուրբ Գիրքը կը գործածենք։ Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումի շրջագծէն մեկնելով, կ՛ուզեմ մէջբերել այն խեղաթիւրումը զոր անոնք ըրած են, եւ որուն չ՛անդրադառնար պարզ հաւատացեալը։ Եհովայի վկաներու Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած մըն էր»։ Նման փոփոխութիւն որքան ալ չնչին թուի, մեզ կ՛առաջնորդէ բազմաստուածութեան՝ մտածել տալով որ այլ աստուածներու կարգին  Բանը՝ Քրիստոս եւս Աստուած էր։ Նման հասկացողութիւն բացարձակապէս դէմ է Քրիստոսի ուսուցումին որ ըսաւ. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յն 10.30): Նման խոտոր ուսուցումներ դժբախտաբար միշտ ալ եղած են։ Որքան երախտապարտ պէտք է ըլլանք Պօղոս Առաքեալին, որ իր փորձառութիւնը բաժնելով հանդերձ իր սերնդակիցներուն, նաեւ մեզ կը զգուշացնէ, ըսելով. «Կան մարդիկ, որոնք ձեր միտքերը կը պղտորեն եւ կ’ուզեն Քրիստոսի Աւետարանը չարափոխել: Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ»։

Այս ուղղութեամբ յայտնենք, թէ մեր հաւատքը ամրացնելու համար է, որ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նիկիոյ Հաւատոյ հանգանակը կ՚արտասանենք եւ կը խոստովանինք. «Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին, ծնած Հօրմէ՝ Միածին, այսինքն Հօր էութենէն։ Աստուած՝ Աստուծմէ, Լոյս՝ Լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած՝ ճշմարիտ Աստուծմէ, ծնունդ եւ ո՛չ արարած։ Նոյն ինքն Հօր բնութենէն, որով ամէն ինչ եղաւ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, երեւելի եւ աներեւոյթ»։ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին ՄԷԿութիւնը անսակարկելի է Քրիստոսի, Աստուածաշունչի եւ Հայրերու կողմէ, նոյնը նաեւ ըլլայ մեր կողմէ։ Չմոլորինք եւ չխաբուինք անոնցմէ, որոնցմէ Քրիստոս զգուշացուց մեզ, ըսելով․- «Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են» (Մտ  7.15)։

Դարձ մը կատարելով մեր նշած երկրորդ կէտին, որով Յիսուս կը ներկայացուի որպէս Բան/Խօսք Իմաստութիւն, կ՚եզրափակեմ մտածումներս Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 11րդ տունով, որով սրբասնունդ հայրապետը կ՛աղօթէ՝ «Իմաստութիւն Հօր՝ Յիսուս, տուր ինծի իմաստութիւն, որպէսզի միշտ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ ու գործեմ Քու առջեւդ։ Չար մտածումներէ, խօսքերէ ու գործերէ փրկէ զիս։ Ողորմէ քու արարածներուդ, եւ ինծի՝ բազմամեղիս», եւ ամենայն խոնարհութեամբ փառաբանենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնր։ Ամէն։