Մեր ծուխերէն

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՌԱՋԱԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

Ապրիլ 6, Հայ Վիրաւոր Հերոսներու հիմնադրամը յայտարարեց, թէ պաշտպանութեան աջակցութեան նոր միաւոր մը պիտի սկսի գործել Հայաստանի հարաւի առաջագիծին վրայ։ Այս միաւորը, որ շինուած է Հայաստանի մէջ, զօրքերուն պիտի հայթայթէ պատշաճ մաքրութեան ձեւ մը՝ տաք ջուր, ելեկտրականութիւն, ջեռուցում եւ այլ միջոցներ մատչելի դարձնելով։

Այս միաւորը գնուած է Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ծխականներու եւ բարեկամներու կողմէ տրամադրած միջոցներով՝ Հոկտեմբեր 2020ին տեղի ունեցած դրամահաւաքի մը ընթացքին, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, ուր հաւաքուած էր աւելի քան 50.000 տոլար, որոնցմէ 25.000ի գումարը հայթայթուած էր եկեղեցւոյ կողմէ։

Այս գումարին մնացորդացը պիտի գործածուի Հայ Վիրաւոր Հերոսներու հիմնադրամի ուրիշ ծրագիրներու համար։ Ս. Լուսաւորի Մայր Եկեղեցին հիմնադրամի մնայուն հովանաւորը եղած է՝ Ապրիլ 2016ին հիմնուելէ ի վեր։