Մեր ծուխերէն

ՏՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԵՌԱԿԱՅ ԿԱՐԳՈՎ

Կիրակի, 11 Ապրիլին, յաւարտ Ս. Պատարագի, թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կատարեց Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց ընտանիքի կարեւորութիւնը որպէս համայնքի եւ ազգի կենսական միաւորը եւ ընդգծեց, որ ընտանիքի սրբութեան, սիրոյ եւ համագործակցութեան համար, մեր հայրերը հաստատած են Տնօրհնէքը որպէս Աստուծոյ օրհնութեան բաշխումի արարողութիւնը։