Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՄԵՐ ԿԱՄՔԸ ԱՒԵԼԻ ՏՈԿՈՒՆ Է ՔԱՆ ԿՐԱՆԻԹԸ

 

Վերջերս, երբ անգլիական BBC ռատիօժամէն լուրերու հաղորդումներուն կը հետեւէի, տեսակցութիւն մը շնորհուած էր Փղոսկրեայ Ափի (Ivory Coast) նախկին քաղաքական ղեկավարի մը, որ մարդկութեան դէմ գործած իր ոճիրներուն համար Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանին կողմէ դատավարութեան ենթարկուած ու տարիներ բանտարկուած էր։ Նախքան իր երկիրը վերադառնալը, պետական այս անձնաւորութեան հարցում տրուեցաւ, թէ ի՞նչ է առաջին բանը որ կ՚ուզէ ընել իր երկրին մէջ։ Պատասխանը ապշեցուցիչ էր․- «Ներողութիւն պիտի խնդրեմ զոհերէս։ Այո՛, առաջնահերթութիւնս  ներողութիւն խնդրել է»։

Հարիւր եւ հինգ տարիներու Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը, պատմութեան նենգափոխումը, Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու բնաջնջումը բաւարար չէր, 14 Յուլիս, 2020ին Թուրքիոյ նախագահին ամբարտաւան ու անամօթ յայտարարութիւնը կու գար առաւել եւս կոտտացնելու Հայու կարէվէր սիրտը, թէ՝ «պիտի շարունակենք ամբողջացնել մեր մեծ հայրերու առաքելութիւնը Կովկասի մէջ»։

Նման յայտարարութիւններ համավարակէն աւելի վտանգաւոր են ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ շրջանի, նաեւ մարդկութեան համար առհասարակ։ Հայոց ցեղասպանութեան անուրանալի ոճիրը գէթ մասամբ կարելի է դարմանել միայն ու միայն ներողութիւն խնդրելով եւ արդար հատուցում կատարելով Հայ ժողովուրդին, որպէսզի պատմութեան մէջ նոր էջ բացուի դրական յարաբերութեան, գործակցութեան եւ բարգաւաճման ի խնդիր։

Հայկական բարձրաւանդակի վրայ աւելի քան հինգ հազար տարիներ ապրած է Հայ ժողովուրդը եւ Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ հոն ապրիլ ու գործել առյաւէտ։ Մինչ այդ, մեր կամքը աւելի տոկուն է քան կրանիթը, մեր համբերութիւնը աւելի խոր է քան ովկիանոսները եւ մեր տեսլականը աւելի բարձր է քան ամպերը։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ, ԱՄՆի Արեւելեան թեմի