Լուրեր

ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՄԱՄՈՒԼԻ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

«Նիւ Եորք Թայմզ»ը եւ այլ լրատուական միջոցներ կը տեղեկացնեն, որ ԱՄՆի նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի յայտարարէ, թէ մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը 1915ին եւ յաջորդող տարիներուն ցեղասպանութիւն էր։ Կ՚ակնկալուի, որ յայտարարութիւնը տեղի ունենայ Շաբաթ, 24 Ապրիլին, երբ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ պիտի ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի 106ամեակը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ ճանաչումը կարեւոր պահ մը պիտի ներկայացնէ արդարութեան մեր պայքարին մէջ։ Եթէ լուրերը հաստատուին, Պայտըն կոչուած է դառնալու առաջին գործող ամերիկացի նախագահը, որ թրքական պետութեան կողմէ հայոց ոչնչացման մասին յատուկ յայտարարութիւն կը կատարէ եւ զայն ցեղասպանութիւն կը կոչէ։