Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՄԷՆ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 5 Մայիս, 1941)

Ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան, ինչպէս եւ հայ մշակոյթի գանձերու փրկութեան ռահվիրաներէն եղած է՝ 1970ական թուականներուն անձամբ Արեւմտեան Հայաստան շրջագայելով, իսկ երբ արգիլուած է իր մուտքը, շարունակած է աշխատանքները՝ այլ անձերու միջնորդութեամբ։

Հախնազարեան ծնած է 5 Մայիս, 1941ին, Թեհրան (Իրան)։ Հայրը  յայտնի լեզուաբան եւ մանկավարժ Յովհաննէս Հախնազարեանն էր։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է քաղաքի «Քուշէշ Դաւթեան» դպրոցը, աւարտելով 1959ին։ Գերմանիոյ Աախէն քաղաքի համալսարանին մէջ ուսանած է ճարտարապետութիւն եւ քաղաքաշինութիւն, աւարտելով 1969ին։

1968ին շուրջ վեց ամիս զբաղած է Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգը (պատմական Արտազ գաւառ) գտնուող հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու, մասնաւորապէս Ս. Թադէի, Ծործորի Ս. Աստուածածին եւ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս նախավկայ վանքերու ուսումնասիրութեամբ եւ չափագրութեամբ։ Ս. Թադէի վանքի ուսումնասիրութիւնը հիմք եղած է ճարտարապետութեան դոկտորական աւարտաճառին, զոր պաշտպանած է 1973ին։  Նոյն թուականին ամուսնացած է ճարտարապետ Մարկրիթ Պունեմաննի հետ եւ ունեցած՝ երկու դուստր։

1972-1978ին Գերմանիայէն կազմակերպած է գիտարշաւներ դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, որոնց արդիւնքը հրատարակուած է «Հայկական ճարտարապետութիւն» խորագրով եօթ հատորնոց մանրաժապաւէններով։

Իր շարունակական աշխատանքը, որուն նպատակն էր գիտարշաւներու միջոցով պատմական Հայաստանի տարածքին (ներառեալ Փոքր Հայքն ու Կիլիկիան), ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ գտնել, ուսումնասիրել եւ հանրութեան ներկայացնել հայկական պատմամշակութային արժէքները, «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող կազմակերպութեան» (“Research on Armenian Architecture”, RAA) ստեղծման հիմնաքարը դարձած է (1978):

1983 թուականին սկսած է դասաւանդել Աախենի համալսարանի քաղաքաշինութեան ճիւղին մէջ։ 1982-1985ին ղեկավարած է Թեհրանի Ս. Գէորգ, Ս. Գրիգոր եւ Վանաքի եկեղեցիներու վերականգնումի աշխատանքները: 1996-1997ին մասնակցած է Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքի երկու եկեղեցիներու եւ բնակելի երկու շէնքերու վերականգնումին։

1998ին «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող կազմակերպութիւնը» պաշտօնապէս արձանագրուած է Երեւանի մէջ։ Ան նաեւ Աախենի ու Լոս Անճելըսի մէջ մասնաճիւղեր ունի, ինչպէս եւ գործակիցներ տարբեր երկիրներու մէջ։ «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան վարչութեան անդամ եղած է շուրջ 25 տարի։

Հայաստանի մէջ մասնակցած է Տաթեւ գիւղի Ս. Մինաս եկեղեցիի, Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցիի, Սաղմոսավանքի, Ուշի գիւղի Ս. Սարգիս վանքի դամբարան-մատուռի, Արցախի Քարինտակ գիւղի եկեղեցիի եւ Դադիվանքի վերականգնումի աշխատանքներուն եւ զանոնք ղեկավարած։

Հեղինակած է Իտալիոյ մէջ հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած 24 հատորնոց մատենաշարի Նոր Ջուղայի եւ Ս. Թադէի վանքին հատորները։ Հեղինակած է նաեւ շարք մը յօդուածներ, մասնակցելով բազմաթիւ գիտաժողովներու, եւ տարբեր երկիրներու մէջ զեկոյցներով եւ ցուցահանդէսներով հայկական ճարտարապետութիւնը ներկայացուցած է։

Արմէն Հախնազարեան իր մահկանացուն կնքած է Աախենի մէջ, 19 Փետրուար, 2009ին։ Աճիւնները ամփոփուած են Աախենի եւ Հայաստանի Արտաշաւան գիւղի գերեզմանատան մէջ։