Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, Ապրիլ 25)

Այսօր, Սուրբ Յարութեան տօնին չորրորդ Կիրակին, Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն ծանօթ է Կարմիր Կիրակի անունով։ Աստուածաշնչական ընթերցումը Յովհաննու Աւետարանէն։ Յիսուսի սիրեցեալ Աշակերտը մեզի կը փոխանցէ մեր Տիրոջ կենդանի պատգամը` «Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ․․․ Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է: Հաստա՛տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին․․․ Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին» (5.19-30)։

Կիրակնօրեայ Սուրբ Գրոց ընթերցումներուն հետեւելով, անգամ մը եւս հիացումս կ՛արտայայտեմ մեր նախահայրերու իմաստութեան վրայ, որովհետեւ այնպիսի ճարտարութեամբ դասաաւորած են զանոնք, որ դաստիարակչական մեթոտով աստիճանաբար մեզ կ՚առաջնորդեն հասկնալու եւ վայելելու մեր հաւատքը։ Սուրբ Յարութեան Կիրակին վկայեցինք, որ Յիսուս Յարութիւն եւ Կեանք է, ինչպէս յայտարարած էր նախքան փրկագորածական իր զոհագործումը խաչին վրայ։ Երկրորդ Կիրակին, Սուրբ Յովհաննէս, թռիչք տալով հաւատքի պրիսմակով մեր երեւակայութեան, մեզ տարաւ Ստեղծագործութիւն, հաւաստիացնելով որ «Կեանքը Անով, Բան Աստուած՝ Քրիստոսով սկիզբ առաւ» (1.3-4): Երրորդ Կիրակին սորվեցանք, որ վերստին ծնունդը հրամայական է քրիստոնեային համար, որպէսզի կեանք եւ առաւել Կեանք ունենանք։ Այսօր հրաւիրուած ենք որոնելու մահուան ռւ յաւիտենական կեանքի փոխ յարաբերութիւնը, եւ ըստ այնմ իմաստաւորելու մեր երկրաւոր գոյութիւնը։ Մանկավարժական ի՜նչ խոր ու գեղեցիկ մեթոտ՝ սորվելու մեր հաւատքի Քրիստոնէականը, այսինքն՝ մեր հաւատքի ուսուցման կորիզը։ Ուստի, այսօրուան ընթերցումէն կ՚ուզեմ հետեւեալ չորս կէտերուն վրայ անդրադառնալ։

ա․ Յիսուս Քրիստոս, հետեւեալ խօսքով՝ «Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ», կը շեշտէ Միութիւնը, մէկութիւնը Հօր եւ Որդիին բոլոր մակարդակներով։ Այս խօսքը գայթակղութեան քար դարձած է իր արտասանուած պահէն ի վեր ոչ քրիստոնեաներու եւ քրիստոնեայ աղանդաւորներու համար, որովհետեւ մարդկային մտքին համար անըմբռնելի է հաւատքի այս հիմնակէտը։ Հասկացողութիւնը բանաւոր արարածի շնորհուած առանձնաշնորհում մըն է։ Ատիկա բանալին է յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան՝ բացատրելու համար ամէն ինչ, սկսեալ մարմնի մասնիկներու ներքին յարաբերութենէն մինչեւ երկնային մարմիններու  փոխ յարաբերութիւնը։ Յիսուս միշտ ալ քաջալերած է իր ունկնդիրներուն հարցադրումը եւ առաջնորդած է զանոնք հասկնալու եւ հաւատալու։ Նիկոդեմոսի հետ իր խօսակցութեան ընթացքին Ան ամենայն յստակութեամբ բացատրած էր թէ «մարմինէն ծնածը մարմին է եւ Հոգիէն ծնածը հոգի է» (3.6): Երբ փորձենք հասկնալ խորհուրդը Սուրբ Երրորդութեան միութեան, թէ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Հոգի Աստուած Մէկ են, Յիսուս բացարձակապէս չի խուսափիր լուսաւորուելու մեզ որ հասկնանք այս միութիւնը։ Ան պարզագոյն ձեւով կ՚ուսուցանէ որ պէտք է Սուրբ Հոգիէն վերստին ծնինք զայն ըմբռնելու համար, որովհետեւ մարմինը ո՛չ կրնայ պարունակել, ո՛չ կրնայ հասկնալ եւ ո՛չ ալ կրնայ բացատրել այն ինչ որ իր հասողութեան սահմաններէն անդին է։ Պատրա՞ստ ենք  խոնարհաբար խոստովանելու որ մեր մեղքին պատճառաւ հեռացած ենք Աստուծմէ, ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ․ «Ձեր յանցանքները բաժնած են ձեզ Աստուծմէ» (Ես 59.2)։ Պատրա՞ստ ենք ընդունելու, թէ մեզի ձրիաբար պարգեւուած առանձնաշնորհումը զոր կորսնցուցինք, դարձեա՛լ նուիրուեցաւ մեզի աստուածային փրկագործ սուրբ սիրով, որպէսզի վերստին ծնինք։ Հաստատօրէն, երբ հետեւինք Իր խոստումին, ինչպէս Առաքեալներն ու բոլոր սուրբերը ըրին, մենք եւս կրնանք հասկնալ հոս, բայց աւելի անդենականին մէջ, երբ ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ դէմ դիմաց ըլլանք (Կոր 13.12) քօղազերծուած Խորհուրդին՝ Իր յաւերժական զօրութեամբ, պատիւով ու փառքով։

բ․ Ենթահող ունենալով որ մէկը վերստին ծնած է, Յիսուս կ՛ըսէ․ «Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է»։ Յաւիտենական կեանքի պարգեւը ո՛չ միայն ձրիաբար կը տրուի, այլ զայն ընդունելու միջոցը եւս կը տրամադրուի մեզի։ Աստուծոյ խօսքը լսելը եւ Յիսուսի հաւատալը, երաշխիքն է այդ անզուգական բարիքին։ Պօղոս Առաքեալ այս հաստատումը կը զարգացնէ ըսելով՝ «հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ 10.17)։ Աստուծոյ խօսքը լսելը, ինչ որ կը ներառէ նաեւ կարդալը եւ զայն սերտելը, խիստ կարեւոր է ծանօթանալու համար աստուածայինին, համոզումով հաւատալու, եւ արժանանալու յաւիտենական կեանքին։ Բայց զգո՜յշ․ պէտք չէ կանգ առնենք լսելով միայն, այլ պէտք է զայն արդիւնաւորենք դրական գործերով, այլապէս Յակոբոս Առաքեալ մեզ եւս կը յանդիմանէ ըսելով. «Հաւատքը առանց գործի մեռած է» (Յկ 2.26):

գ․ Քրիստոսի խօսքը, թէ՝ «Հաստա՛տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին», որոշ հարցադրումներ կը ստեղծէ։ Այս խօսքը՝ ուղղուած Իր ժամանակակիցներուն, նաեւ մեզի եւ բոլոր սերունդներուն, ինչո՞վ կը տարբերի յաջորդ նախադասութենէն, ուր յստակ կերպով մեռելներու յարութիւնը առնչուած է դատաստանին հետ։ Նաեւ՝ արդար հարցում մը կը ծագի, այն թէ՝ գիտենք թէ ողջերը կը լսեն, բայց մեռելները ինչպէ՞ս կը լսեն Յիսուսի ձայնը ու կ՚ապրին։ Շփոթեցուցիչ որեւէ պարագայ չկայ, երբ այս խօսքը հասկնանք հոգեւոր պրիսմակէն դիտուած։ Արդարեւ, Սուրբ Գրքին, նաեւ Հայրաբանութեան եւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, շատ յստակ հասկացողութիւն կայ, թէ մահուան խայթոցը մեղքն է (Ա Կոր 15.56), հետեւաբար մեղաւոր անձ մը հոգիով մեռած է։ Ուստի, երբ այդ անձը Յիսուսի խօսքը լսէ ու հաւատայ, Աստուծոյ Շնորհքով վերածնելով մեռածութենէն կ՚անցնի կենդանութեան կարգավիճակին։ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը հոյակապ բանաստեղծական ոճով բայց անքան պարզ ձեւով կը լուսաբանէ այս իրավիճակը, երբ կ՛ըսէ․ «Մեռած եմ հոգիով/ Մոլորած եմ  մտքով/ Միայն կամ մարմնով» եւ՝ «Կենարար Փրկիչ/ Ապրեցուր մեռեալս/ Ոտքի կանգնեցուր գլորածս»։  Քրիստոսի անվիճելի այս խօսքը մեզի կ՚ուսուցանէ, թէ նախքան մեր ֆիզիքական մահը, որ երկրաւոր մեր կեանքի ճամբորդութեան աւարտը կը նկատուի, կայ հոգիի մահը, որ հետեւանքն է մեղքին, եւ պէտք է ամենայն լրջութեամբ մտահոգուինք անով։ Ուստի, որքանով որ կարեւորութիւն կու տանք մեր մարմնի առողջութեան եւ կ՚ողբանք մահուան պարագային, նոյնքան եւ աւելի նախանձախնդրութեամբ պէտք է հետեւինք  մարմինին կեանք տուող հոգիի առողջութեան։

դ․ Վերեւի հաստատումը իր ամբողջութիւնը կը գտնէ հետեւեալ խօսքով, թէ «մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին», որ իր մէջ կը կրէ մեր աչքերը ճշմարտութեան բացող ամենազօր պատգամ մը։ Անկախ մարդոց պատասխանէն՝ ի տես Աստուծոյ սիրոյն որ յայտնուած է ստեղծագործութեամբ, բայց մանաւանդ Խաչի զոհագործումով, Դատաստանի օրը բոլոր մեռելները պիտի լսեն յաւերժական Խօսքին ձայնը եւ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ։  Դարձեալ, անկախ բոլոր հաւատամքներէն եւ անձնական համոզումներէն, անխտիր ամէն ոք Յարութիւն պիտի առնէ յաւիտենապէս Ապրելու (վարձատրուելու) կամ Դատապարտուելու (պատժուելու) համար։ Ընտրանքի առիթ չկայ, որ տրուած է այս կեանքին մէջ, որովհետեւ միայն Աստուծոյ Կամքն է որ պիտի իշխէ։ Անոնք, որոնք յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին, անոնք են որոնք զԱստուած ուրանալով Չարին կը ծառայեն իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին։ Նաեւ՝ անոնք որոնք իրենք զիրենք կը համոզեն, որ Աստուած սէր ըլլալով պատիժը անյարիր է Իր էութեան, եւ գիտակցաբար կը մեղանչեն, որպէս Տիրոջ կամքը գիտցող բայց անտեսող ծառաներ նմանապէս պիտի դատապարտուին։ Այսպիսի ինքնախաբէութիւն հեռու չէ Դրախտին մէջ մեր նախածնողաց Չարին կողմէ իրենց հրամցուած սադրանքէն։ Այն ժամանակ, Աստուծոյ նմանելու պատրանքն էր որ առինքնեց զիրենք (Ծն 3,4-5), իսկ այս պարագային խաբէութիւնը կը շարունակուի տարբեր պատճառաբանութեամբ, թէ Աստուծոյ սէրը պիտի անտեսէ մեղքերը եւ դատապարտութիւն տեղի պիտի չունենայ։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ Աստուծոյ սէրը անսահման է, սակայն գիտակից կամ անգիտակից նման ինքնարդարացումով Իր վճիռը չեղեալ կը նկատենք, մոռնալով որ Աստուած նաեւ արդար է։ Հետեւաբար, զգոյշ ըլլանք խաբկանքներէ եւ ամենայն երկիւղածութեամբ մօտենանք Իր Խօսքին։

Լուսաբանուելէ ետք մեզի հրամցուած այս բացառիկ պատգամով, Քրիստոսով վերածնածներս, որ հրաւիրուած ենք յաւիտենական կեանքը վայելելու, որպէս Աստուծոյ երախտագէտ զաւակներ, մեր կեանքին մէջ ընդունինք յարուցեալ Քրիստոսը, եւ մեր իսկ յարութեան խոստումով վերանորոգուած, մեր առաքելութիւնը կատարենք այս կեանքին մէջ։

Այս Կիրակին, ինչպէս վերեւ յայտնեցինք,  նաեւ կը կոչուի Կարմիր Կիրակի, յիշելու համար բոլոր այն նահատակները որոնց արիւնով Ընդհանրական Եկեղեցին աճեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ։ Զուգադիպութեամբ, երէկ Հայ եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոգեկոչեց։ Աննախընթաց ոճիր մը, որ ուրացուած է դահիճներուն կողմէ, վերապահութեամբ դիտուած ազգերու կողմէ, բայց վստահուած՝ Աստուծոյ արդար Դատաստանին։

Այս հարցին նկատմամբ երկար ժամանակ զգուշութեամբ մօտեցող երկիրներու կարգին, որքա՛ն խրախուսիչ էր երէկ Միացեալ Նահանգներու 46րդ նախագահ՝ Ճօ Պայտընի արդար եւ յանդուգն յայտարարութիւնը, որով Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ, մասնակի մխիթարանք առթելով վերապրողներու ժառանգորդներուս  եւ մղում տալով դրական ոգիով շարունակելու մեր արդար դատի հետապնդումը։

Այսօրուան Աւետարանի մեր ընթերցումը հզօրագոյն պատգամը կը փոխանցէ մեզի, որպէսզի մեր երկրաւոր ուխտագնացութիւնը  շարունակենք յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով, յոյսով ու սիրով, որպէսզի յաղթահարենք սատանայական ամէն տեսակի՝ երեւելի եւ աներեւոյթ չար խաբէութեանց  եւ չարիքներուն, ընդդէմ մարդկութեան եւ մայր բնութեան։ Վասնզի կոչուած ենք լոյսի եւ ցերեկի որդիներ ըլլալ եւ նմանիլ երկնաւոր Հօր, որուն կը վայելէ փառք յաւիտեանս։ Ամէն։