ԱՊՐԻԼ 24Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը լայն արձագանգ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մամուլին մէջ, ներառեալ Նիւ Եորքի լրասփիւռները։ NY1 հեռատեսիլի կայանի յօդուածը, որ նոյնպէս տեսագրութիւն մը կ՚ընդգրկէ, գրած է, թէ ամերիկահայերու համար «մռայլ հանգրուան մըն էր. Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին, նախագահ Ճօ Պայտըն դարձաւ ԱՄՆի առաջին նախագահը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ յիշուած է նոյն յօդուածին մէջ, ըսաւ, թէ նախագահական յայտարարութիւնը շատ ցաւոտ վէրք մը մասամբ պիտի սպիացնէ։
«Կը յուսանք, որ այս պարագային, ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի բերէ տեսակ մը մխիթարութիւն, եւ աշխարհի ղեկավարները գիտակից պիտի դարձնէ, որ կանխեն ապագայ ցեղասպանութիւններ, ինչ որ ամենէն կարեւոր բանն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը. «Մեր դատը կը բարելաւենք ո՜չ միայն մեզի, այլ բոլոր անոնց համար, որոնք կրնան նմանօրինակ վայրագութիւններու ապագայ զոհերը ըլլալ»։
Յօդուածը նաեւ կը մէջբերէ Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը ատենապետ Նազարէթ Մարգարեանի յայտարարութիւնը, թէ նախագահ Պայտընի ճանաչումը «երկար տարիներու գործօն աշխատանքներու եզրակացութիւնն էր, որ մեզի հասցուցած է մինչեւ այստեղ»։
Ոգեկոչումէն առաջ, ԱՄՆի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարը յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, ոգեկոչելով ցեղասպանութիւնը, ըստ Catholic News Agencyին։ «Այս ահաւոր ողբերգութիւնը կոչուած էր բնաջնջելու հայ ժողովուրդը եւ իր մշակոյթը, ինչ որ կոչուած է “20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը”», գրուած է յայտարարութեան մէջ, զոր ստորագրած է եպիսկոպոս Տէյվիտ Մալլոյ՝ համագումարի միջազգային արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնախումբի ատենապետ։
Նոյն Catholic News Agencyն, այլ մամուլի անդամներու շարքին, նաեւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու Ապրիլ 13ի նամակին, որ յղուած էր նախագահ Պայտընին, յորդորելով ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այս նամակին նախաձեռնութիւնը ստանձնած էր Անուշաւան Սրբազանը, հաւանութեամբ Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեանի (էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ), Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի (էջմիածնական Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ), Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի (Արեւտմեան Թեմի Առաջնորդ), Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի (Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորհ), Վեր. Պերճ Ճամպազեանի (Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ) եւ Պատ. Զաւէն Խանճեանի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն)։ «Հաճեցէք հռչակել Ապրիլ 24ը որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր», հայ հոգեւորականները յայտնեցին նամակին մէջ, որուն ստորագրողներէն մէկն էր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Ճանաչման պակասը քաջալերած է Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութեան նախաձեռնութիւնը շրջանին մէջ»։