ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԾԱՆՕԹԱՆԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ
Հինգշաբթի, 22 Ապրիլին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի բաժանմունքներու ներկայացումը շարունակուեցաւ, այս անգամ կեդրոնանալով Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին վրայ։
Վարիչ տնօրէնը՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, ներկայացուց բաժանմունքի գործունէութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին, երեք գլխաւոր մասերով՝ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարան, կիրակնօրեայ վարժարաններ, եւ համայնքային ծրագիրներ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ յառաջիկայ տարուան ծրագրուած գործունէութեան։ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնները՝ տիկ. Սոնիա Թէքէեան եւ պրն. Արթօ Քիրեմիթճեան, կարճ անդրադարձ մը ունեցան կիրակնօրեայ առցանց ծրագիր մը վարելու յատկանիշներուն մասին։
Երեքշաբթի, 27 Ապրիլին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Մարի Կիւլիւմեան, ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութիւնը հայեցի դաստիարակութեան բնագաւառին մէջ։ Ան ընդգծեց ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ առցանց, «Գալուստի Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի հետ գործակցաբար, ինչպէս նաեւ «Սիամանթօ» լսարանի առցանց ծրագիր՝ լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան դասաւանդութեամբ։ Երկու ծրագիրներն ալ մեծ թիւով մասնակիցներ ունեցած են, որուն նպաստած է նաեւ անոնց առցանց բնոյթը, որ թոյլ տուած է հեռաւոր շրջաններէ, նոյնիսկ հայկական համայնքներ չունեցող վայրերէ անձերու մասնակցութիւնը։
Նշուեցաւ նաեւ “Let’s Chat 4 – Զրուցենք 4»ի հրատարակութիւնը, ինչպէս եւ յիշուեցան կարգ մը ծրագիրներ, որոնք պիտի մշակուին ու գործադրուին 2021-2022 տարեշրջանին։
Այս երեկոյ, Ապրիլ 29, պրն. Կրեկորի Տոսթուր պիտի ներկայացնէ Առաջնորդարանի լրատուութեան բաժանմունքի գործունէութիւնը, իր աւարտին հասցնելով այս շարքը, մինչեւ 22 Մայիսին տեղի ունենալիք Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պաշտօնական նիստը։