Մեր դպրոցներէն

ՏԱԿԼԸՍԹԸՆԻ «ՇՈՒՇԱՆ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Յետադարձ հայեացքով, ուսումնական անցած տարուան ընթացքին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) կից «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» միօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը դէմ յանդիման գտնուեցան քանի մը  մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին պէտք է նշել, թէ իւրաքանչիւր դասաւանդութիւն  երկակի աշխատանք կը պահանջէր, որովհետեւ տուեալ խմբակին մէջ թէ՛ հայախօս եւ թէ՛ ոչ-հայախօս աշակերտներ կային։ Հետեւաբար, ուսուցիչները փորձեցին ստեղծել տարբեր տեսակի միջոցներ` իրենց ուսանողները ներգրաւելու համար, ինչպէս խաղեր, պատմուածքներ եւ լրացուցիչ ընթերցանութեան նիւթեր: Սակայն, մեծագոյն մարտահրաւէրը կապուած էր արհեստագիտութեան հետ։

Առցանց դասաւանդութիւնը կը դժուարացնէր ուսուցումը: Թէեւ դժուար էր աշակերտները պաստառին ետեւը կապուած պահել, բայց միւս կողմէ, առցանց միջոցներու կիրարկումը առիթը կու տար տեսանիւթեր ցուցադրելու։ Կարգ մը ուսուցիչներ նոյնիսկ հաճոյքով կիրարկեցին արհեստագիտական նորարար միջոցները։