Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՀՕՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԴՈՒՌԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 9 Մայիս)

Այսօր, Սուրբ Յարութեան տօնի վեցերորդ Կիրակի օրուան Նոր Կտակարանի ընթերցումը Յովհաննու Աւետարանէն է (9.38-10.10): Յիսուս կ՚ըսէ․ «Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան: Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին. – Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք: Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք»: Յիսուս, շարունակելով իր խօսքը եւ գործածելով հովիւի եւ ոչխարներու յարաբերութեան պատկերը, կ՚ըսէ․ «Ես եմ ոչխարներուն դուռը»:

Այս հատուածը բաւականին տարբեր է նախորդ Կիրակիներու ընթերցումէն, ուր մենք կը տեսնենք արդար զայրոյթի մը արտայայտութիւնը։ Ուստի, ամենայն երկիւղածութեամբ մօտենալով Աստուծոյ Խօսքին, արժանի ըլլանք Անոր շնորհքի ցօղին եւ ո՛չ դատաստանին։

Լաւագոյնս հասկնալու համար մեր Հայրերու Սուրբ Գրքի ընթերցումի համար նշանակած հատուածները, թելադրելի է կարդալ նաեւ կանխող բաժինը եւս։ Այս պարագային, կ՚իմանանք, թէ Յիսուս ի ծնէ կոյր մարդ մը բժշկած էր Շաբաթ օրով, որ դատապարտելի էր հրեայ օրինապահներու կողմէ։ Երբ բուժուած անձը կը վկայէ, թէ ինք իսկապէս կոյր էր եւ զինք բժշկողը հաստատ որ Աստուծոյ մարդ պէտք էր ըլլար, դժբախտաբար զինք կը բանադրեն, ըսելով, թէ ինք մեղքի մէջ ծնած է եւ ինչպէ՞ս կը համարձակի իրենց ուսուցանել։ Այս ընթերցումէն հետեւեալ մտածումի շիթերը կ՛ուզեմ բաժնել հետդ, սիրելի ընթերցող։

ա․ Անգամ մը եւս դատաստանի մասին ակնարկութիւն կը գտնենք, որու մասին խօսեցանք երկու շաբաթ առաջ։ Աստուած, իրա՛ւ որ սէր է, որուն շօշափելի արտայայտութիւնը Ստեղծագործութիւնն է, բայց մանաւանդ Իր Միածնին աշխարհ գալը (Յհ 3.16), եւ մեր փրկութեան համար Խաչի մահով զոհագործումը։ Դատելը Աստուծոյ էութեան մաս չի կազմեր, այլ Իր արդարութեան յատկանիշերէն է։ Դատաստանը տեղի կ՚ունենան մեր իսկ ձախողութեանց, մեղքերուն, բայց մանաւանդ ուրացումին հետեւանքով։ Չարը իր անկումէն ի վեր ուրացման այս վիճակին մէջ է, որով բոլոր անոնք, որոնք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար անոր հետքերով կ՛ընթանան, մեղսակից կը դառնան այդ մեղքին եւ բաժնեկից՝ անոր դատավճռին, իրենց վրայ հրաւիրելով Աստուծոյ արդար դատաստանը։

բ․ Յիսուս իր խօսքը կ՛ուղղէր ո՛չ անոնց, որոնք մարմնապէս կոյր էին, այլ՝ հոգիով։ Առաջինները իրենց ֆիզիքական թերութեան համար ո՛չ մէկ կերպով պատասխանատու են, մինչ վերջինները, որոնք լուսաւորուած են Աստուծոյ պատուիրաններով, դժբախտաբար կամովին կը կուրնան եւ կը ծառայեն Չարին։ Աստուած երբե՛ք մեղաւորին մահը չ՚ուզեր (Եզ 33.11), սակայն երբ մեղաւորը կ՚արդարացնէ ինքզինք եւ կը յամենայ մեղքի մէջ մնալ, ինչպէս մեր նախահայրն ու մայրը ըրին, վստահ որ մե՛նք կ՛ըլլանք մեր որոշումին ու անոր հետեւանքին պատասխանատուն։

գ․ Փարիսեցիներուն հարցումը, «արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք», յատկանշական է։ Շատ հետաքրքրական է լսել նման հակազդեցութիւն մը, երբ Յիսուս որեւէ մէկուն ակնարկութիւն չէր ըրած։ Նման այլ պարագայ մը կարելի է յիշել, երբ Աստուած հարցուց Ադամին՝ «Ո՞ւր ես», եւ ան պատասխանեց՝ «ձայնդ լսեցի պարտէզին մէջ եւ վախցայ» (Ծն 3.9-10): Հայկական առածը իրա՛ւ է երբ կ՛ըսէ՝ «գող՝ սիրտը թող»։ Արդարեւ, Աստուած՝ որ լոյս է, Իր ներկայութեան բացարձակապէս խաւար գոյութիւն չունի։ Ան կը կարդայ մեր միտքն ու սիրտը, եւ կատարեալ թափանցիկ ենք Անոր առջեւ մեր մտածումներով, զգացումներով, եւ երեւակայութեան բոլոր ծալքերով։ Ցանկալի պիտի չըլլա՞ր արդեօք որ խուսափէինք մեղանչումէ, նախքան վճիռի արձակուիլը։ Աւա՜ղ, ստեղծագործութենէն ի վեր մարդկութեան անլուծելի առեղծուածներէն մին է այս։

դ․ Փորձութեան մէջ շատ նուրբ  փորձութեան պարագայ մը կայ՝ ինքնարդարացումը, որուն պէտք է անդրադառնանք մենք՝ լուսոյ որդիներս (Ա Թս 5.5): Բարեպաշտութենէ մղուած, շատ յաճախ կը տարուինք արդար կերպով մտածելու, թէ Աստուծոյ կամքը կը կատարենք, ինչպէս Փարիսեցիները դատապարտեցին Շաբաթ օրով կոյրին բժշկութիւնը եւ կամ Սօղոս ամենայն նախանձախնդրութեամբ կը հալածէր առաջին քրիստոնեաները, սակայն զգո՜յշ, կրնանք լրիւ սխալ ճամբով ըմթանալ։ Մեր արարքներուն ճիշդ կամ սխալ ըլլալու չափանիշը, Յովհաննէս Առաքեալ կը հայթայթէ մեզի,  ըսելով՝ «հաղորդակցութեան մէջ պէտք է ըլլանք Աստուծոյ հետ» (Ա Յհ 1.3), այլապէս մեր անձնական կամքով կամ դատողութեամբ շեղումը անխուսափելի կ՛ըլլայ։

ե․ Հովիւի պատկերը կրնայ խօսուն չըլլալ ճարտարապետութեան ահեղավազ հոսքին մէջ ապրող ժամանակակից ընկերութեան առհասարակ բոլոր անդամներուն, բայց եւ այնպէս, քաղաքի մէջ ապրողներու կեանքին մէջ հետզհետէ ընտանի կենդանիներու ներկայութեան աճը կրնայ որոշապէս օգնել հասկնալու այս պատկերը։ (Ի՜նչ զուգադիպութիւն, ճիշդ այս բառերը գրած պահուս ել․ նամակ մը ստացայ՝ «սիրուն շնիկ, ոեւէ մէկը [կ՛ուզէ՞]»։ Զարմանալի է, չէ՞․․․)

Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, Հովիւը հոգատար եւ պաշտպանող անձնաւորութեան մարմնացումն է։ Յիսուս այս պատկերով յստակ պատգամ կը փոխանցէր, թէ Աստուած որքան մօտ է մեզի եւ խանդաղատանքով կը հետեւի մեր բարօրութեամբ, պաշտպանելով մեզ ամէն տեսակի սպառնալիքներէ։ Որեւէ պատճառով երբ հեռանանք հօտէն, Ան՝ Հովիւը կը հետեւի մեզի, ինչպէս կը տեսնենք կորսուած ոչխարի առակին մէջ, եւ երբ գտնէ, մեծ խնճոյք կը սարքէ, եւ իր ուրախութիւնը կը բաժնէ ընտանիքին ու բարեկամներուն, իմա՛ երկնային Զօրքերուն հետ։ Ուստի, պէտք է գիտակից ըլլանք, որ Աստուծմէ մեր հեռացումը Իրեն խոր ցաւ կը պատճառէ, եւ նոյնպէս, Իր օգնութեամբ մեր դարձը առիթ կու տայ անհուն ուրախութեան։

զ․ Աւետարաններուն մէջ յիշուած «Ես եմ» հաստատումներու շարքին, ինչպիսին են «Ես եմ հացը», «Ես եմ կենդանի ջուրը», «Ես եմ որթատունկը», երբ Քրիստոս ինքզինք կը նմանցնէր «Դուռ»ի, Սուրբ գրային շրջագծէն ներս յստակ կեպով հասկնալի էր անոր պատգամը։ Ամրակուռ պարիսպներով շրջապատուած որեւէ քաղաք մտնելը կարելի էր միայն դարպասէն անցնելով։ Մինչեւ օրս, անոնք որոնք պատեհութիւնը ունեցած են Երուսաղէմ այցելել, անձնական փորձառութեամբ պիտի վկայեն, որ այսպէս կոչուած Հին Քաղաքը մտնելու համար պատմական անուն կրող տարբեր դարպասներէ անցած են։ Յիսուս ինքզինք որպէս «ԴՈՒՌԸ» յայտարարելով, յստակ պատգամ կու տար, թէ երկնաւոր Հօր ներկայութեան կարելի է հասնիլ Իրմո՛վ միայն։ Արդեօք այս հաստատումը այլ կրօններու ժխտո՞ւմն է։ Անշուշտ ո՛չ։ Ամէնքս Աստուծոյ արարածները ըլլալով, տարբեր մակարդակներով Աստուած մեր մէջ ներկայ է, այսուհանդերձ, եթէ կ՛ուզենք Աստուծոյ Էութեան մօտենալ, միայն կրնանք Յիսուս Քրիստոսով այդ առանձնաշնորհումը վայելել, ինչպէս Ինք իսկ յայտարարեց, «Ո՛չ ոք երկինք բարձրացաւ, բացի Անկէ որ երկինքէն իջաւ» (Յհ 3.13):

Օրհնաբեր այսպիսի պատեհութիւն ընծայուելով մեզի, ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ մտնենք այդ ԴՌՆԷՆ ներս, որ կ՛առաջնորդէ մեզ սիրող Երկնաւոր Հօր ներկայութեան, փառաւորելով Իր փրկարար Միածին Որդիին  ու կենարար Սուրբ Հոգիին հետ։ Ամէն։