ՄՈՒՐԱՏ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Մուրատ ազգային վարժարանի (Փրաւիտընս) Մայիս 2020ի՝ համաճարակի պատճառաւ յետաձգուած վկայականներու բաշխումը, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 9, 2021ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, պատարագէն անմիջապէս ետք: Երեք շրջանաւարտներէն Լուսինէ Աւագեանը անձամբ ներկայ չկրցաւ ըլլալ, իսկ Նորա Դարբինեանը եւ Արփի Տօնոյեանը մասնակցեցան Ս. Պատարագին, կարդալով աւետարանի օրուան թուղթը եւ երգելով «Հաւատամք»ը: Պատարագի աւարտին, տնօրէնուհի տիկ. Լալա Աթթարեան ներկայացուց երկու շրջանաւարտուհիները, որոնք կարդացին իրենց գրած ուղերձները հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Անոնք արտայայտեցին իրենց սրտաբուխ զգացումները մօտ տասնմէկ տարիներու ընթացքին Մուրատ ազգ. վարժարանին մէջ անցուցած յիշատակելի եւ հաճելի օրերուն մասին, երբ հայոց լեզուի եւ պատմութեան գիտելիքները իւրացնելու կողքին, վայելեցին տնօրէնուհիներու եւ ուսուցչական կազմի ջերմ գուրգուրանքը եւ դպրոցի տաքուկ միջավայրը:
Երախտապարտ հոգիով, Նորան եւ Արփին յայտնեցին իրենց սրտագին շնորհակալութիւնները բոլորին, որոնք աւելի քան 85 տարիներ ամէն ջանք թափած են որ մեր շաբաթօրեայ դպրոցը ծաղկի ու շարունակէ դաստիարակել նոր սերունդներ: Արժ. Տ. Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան շնորհաւորեց զիրենք, գովելով անոնց օրինակելի կեցուածքը, գործօն մասնակցութիւնը եւ նուիրումը մեր եկեղեցւոյ բոլոր երիտասարդական կազմակերպութիւններու մէջ: Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը: