16 ՄԱՅԻՍ – Բ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
16 ՄԱՅԻՍ
Բ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 12 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (23 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ա. Յովհ. 5.13-21, Յովհ. 12.12-23, Մատթ 20.29-21, Մարկ 10.46-11.11
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 19:29-48
Երբ Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէի եւ Բեթանիայի, մօտիկը այն լեռան որ Ձիթենեաց կը կոչուի, աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.
– Գացէք սա դիմացի գիւղը: Հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ո՛չ ոք նստած է տակաւին: Քակեցէք զայն եւ բերէք: Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ թէ ինչո՛ւ կը քակէք, իրեն ըսէք՝ « Տէրը պէտք ունի անոր»:
Երկու աշակերտները գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ըսած էր իրենց: Աւանակը հոն էր: Եւ մինչ կը քակէին զայն, անոր տէրերը ըսին իրենց.
– Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը:
Անոնք պատասխանեցին.
– Տէրը պէտք ունի անոր:
Եւ զայն բերին Յիսուսի: Ապա իրենց վերարկուները դրին աւանակին վրայ եւ Յիսուսը հեծցուցին անոր վրայ: Եւ մինչ կը յառաջանար, ժողովուրդը վերարկուները ճամբուն վրայ կը փռէր:
Երբ մօտեցաւ Երուսաղէմի, հոն ուր Ձիթենեաց լեռան զառիվարը կը սկսէր, աշակերտները բոլորն ալ սկսան ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն զԱստուած օրհնաբանել՝ իրենց տեսած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար, ըսելով.
« Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով.
խաղաղութի՜ւն երկինքի մէջ
եւ փա՜ռք Բարձրեալին»:
Փարիսեցիներէն ոմանք ամբոխին մէջէն ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, աշակերտներդ սաստէ որ լռեն:
Յիսուս պատասխանեց.
– Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ ատոնք լռեն՝ քարերը պիտի աղաղակեն:
Երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.
– Գոնէ այսօր գիտնայիր թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ: Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել: Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ թշնամիներդ շուրջդ պատնէշ պիտի կանգնեն, պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ պիտի նեղեն քեզ: Հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ եւ սպաննեն բնակչութիւնդ: Քար քարի վրայ պիտի չձգեն , որովհետեւ չգիտցար ժամանակը, երբ Աստուած եկաւ քեզ փրկելու :
Ապա տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել աղաւնեվաճառներն ու գնողները, լումայափոխներուն սեղանները շրջեց եւ ըսաւ անոնց.
– Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ», մինչ դուք աւազակներու որջի վերածած էք զայն:
Յիսուս ամէն օր տաճարին մէջ կ’ուսուցանէր: Աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու ժողովուրդին ղեկավարները կ’ուզէին զինք սպաննել: Բայց չէին գիտեր թէ ի՛նչպէս ընեն, մանաւանդ որ ամբողջ ժողովուրդը անոր բերնէն կախուած՝ մտիկ կ’ընէր իրեն:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 23:12-35
Յաջորդ առաւօտ, կարգ մը Հրեաներ իրարու քով եկան եւ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով՝ երդում ըրին չուտել ու չխմել, մինչեւ չսպաննեն Պօղոսը: Քառասուն հոգիէն աւելի էին այս երդումը ընողները: Ասոնք մօտեցան աւագ քահանաներուն ու երէցներուն եւ ըսին.
– Մենք մեզ նզովքի տակ դնելով երդում ըրինք՝ բան չճաշակել, մինչեւ Պօղոսը չսպաննենք: Դուք Ատեանին անունով հազարապետին լուր ղրկեցէք որ զայն ձեզի ղրկէ, պատճառաբանելով՝ թէ կ’ուզէք իր մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւն ունենալ: Իսկ մենք պատրաստ կ’ըլլանք արդէն, եւ անիկա տակաւին հոս չհասած՝ կը սպաննենք զինք:
Պօղոսի քրոջ տղան այս դաւադրութիւնը իմանալով, եկաւ զօրանոց եւ Պօղոսին պատմեց: Պօղոս հարիւրապետներէն մէկը կանչելով, ըսաւ.
– Այս պատանին հազարապետին տար, որովհետեւ իրեն ըսելիք մը ունի:
Հարիւրապետը զայն հազարապետին տարաւ եւ ըսաւ.
– Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ խնդրեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, որովհետեւ քեզի ըսելիք մը ունի:
Հազարապետը պատանիին ձեռքէն բռնելով մէկ կողմ տարաւ եւ հարցուց.
– Ի՞նչ ունիս ինծի ըսելիք:
Պատանին ըսաւ.
– Հրեաները համաձայնեցան քեզմէ խնդրել, որ վաղը Պօղոսը Ատեան ղրկես, որպէս թէ աւելի մանրակրկիտ հարցու – փորձելու համար զայն: Բայց մտիկ մի՛ ըներ իրենց. որովհետեւ իրենց մէջէն քառասունէ աւելի մարդիկ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով երդում ըրած են չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն զայն. եւ հիմա դարան մտած ու պատրաստ՝ կը սպասեն քու հրամանիդ:
Հազարապետը պատանին ճամբեց , պատուիրելով.
– Ոեւէ մէկուն մի՛ ըսեր ինչ որ ինծի յայտնեցիր:
Ապա հազարապետը հարիւրապետներէն երկու հոգի կանչելով, ըսաւ.
– Երկու հարիւր հետեւակ, եօթանասուն հեծեալ եւ երկու հարիւր տիգաւոր զինուորներ թող պատրաստ ըլլան գիշերուան ժամը իննին դէպի Կեսարիա ճամբայ ելլելու: Պօղոսին համար ալ գրաստ պատրաստեցէք եւ զայն ապահով կերպով Ֆելիքս կառավարիչին հասցուցէք:
Նամակ մըն ալ գրեց, հետեւեալ բովանդակութեամբ.-
«Կլաւդիոս Լիսիասի կողմէ՝ նորին գերազանցութիւն Ֆելիքս կառավարիչին: Ողջոյն»:
«Հրեաներ բռներ էին այս մարդը եւ զինք սպաննելու վրայ էին: Իմանալով որ Հռոմայեցի է, վրայ հասայ եւ զինք ազատեցի: Ուզեցի գիտնալ թէ ի՛նչ յանցանքով կ’ամբաստանեն զինք. ուստի իրենց Ատեանը տարի զինք. եւ հասկցայ թէ իրենց Օրէնքին վերաբերող խնդիրներու համար կ’ամբաստանեն . այսինքն՝ մահուան կամ բանտարկութեան արժանի յանցանք մը չունի: Բայց երբ ինծի իմացուցին՝ թէ Հրեաներ դաւ մը լարած են իր կեանքին դէմ, զայն իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրամայելով որ ամբաստանողները քեզի ներկայացնեն իրենց ըսելիքները: Ողջ եղիր»:
Հազարապետին հրամանին համաձայն, հետեւակ զինուորները առին Պօղոսը եւ գիշերով Անտիպատրիս փոխադրեցին, եւ յաջորդ օրը զայն իրենց ընկերացող հեծեալներուն յանձնելով՝ իրենք զօրանոց վերադարձան: Հեծեալները Կեսարիա հասան եւ նամակը կառավարիչին տալով՝ Պօղոսն ալ անոր ներկայացուցին: Կառավարիչը նամակը կարդաց եւ Պօղոսին հարցուց թէ կայսրութեան ո՛ր նահանգէն է. եւ հասկնալէ ետք թէ Կիլիկիայէն է, ըսաւ.
– Երբ որ քեզ ամբաստանողները գան, կը լսեմ քեզ:
Եւ հրամայեց որ զայն Հերովդէսի ապարանքին մէջ պահեն: