ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ՝ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐԻ ՄԸ ԿՈՂՄԷ
Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներէն Արտաշէս Պետրոսեան վերջերս վերանորոգչական աշխատանքներու ձեռնարկած է Հայաստանի Տիգրան Մեծի անուան ռազմամարզական յատուկ վարժարանին մէջ։ Վարժարանը կը գտնուի Արմաւիրի մէջ, Երեւանէն 30 մղոն հեռու։ Հոն ռազմամարզական կրթութիւն կը ստանան շուրջ 150 ապագայ սպաներ ու ռազմական գործը շարունակող պատանիներ, որոնց մեծ մասը վարժարանը աւարտելէ ետք իրենց ուսումը կը շարունակեն Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկին մէջ։
Կրթական համալիրին շէնքը կառուցուած է 1961ին՝ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, եւ մինչեւ օրս վարժարանի շինութիւնները վերանորոգման ենթարկուած չեն, որոնց շարքին՝ 13.000 քառակուսի ոտք տարածութեամբ տանիքը։ Պրն. Պետրոսեանի նուիրատուութեամբ՝ Պետրոսեան-Պախթիարեան հիմնադրամի միջոցով, դպրոցի տանիքը նոր ծածկով օժտուեցաւ։
Վերանորոգման գործի վերահսկողութիւնը ստանձնած էր Ազգային Առաջնորդարանը Հայաստանի ու Արցախի մէջ ներկայացնող «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնը։ Պրն. Պետրոսեան, որ նոյնպէս «Մեծն Ներսէս»ի որբերու ծրագրի գլխաւոր նուիրատուներէն է, յանձն առած է վարժարանի համակարգչային դասարանը վերանորոգել, ինչպէս եւ զայն օժտել 12 նոր համակարգիչներով։