Օվի Սեւումեան՝ անցեալ դարասկիզբի արեւելահայ թատրոնի ծանօթ անուններէն մէկը, միաժամանակ աշխատած է հայ թատրոնի յառաջընթացքին ի խնդիր։
Բուն անունով՝ Յովհաննէս Սեւումեան, ծնած է Ագուլիս (Նախիջեւան), 21 Յունիս, 1878ին։ Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ։ Բեմական գործունէութեան առաջին իսկ տարիներէն աշխատած է բարեփոխումներ մուծել ազգային թատրոնին մէջ։ Յաճախած է ռուս համբաւաւոր թատերագէտ Կոնստանտին Ստանիսլաւսկիի հիմնած Մոսկուայի Գեղարուեստական Թատրոնը, ծանօթանալով ու ընտելանալով անոր յառաջապահ սկզբունքներուն, որոնց հետեւորդը դարձած է հայ իրականութեան մէջ։
1906ին, 28ամեայ Սեւումեանը, համագործակցութեամբ ագուլեցի գրագէտ Լեւոն Մանուէլեանի (1864-1919) եւ վերջինիս կրտսեր եղբօր՝ դերասան Միքայէլ Մանուէլեանի (1877-1944), հիմնած է «Ռեժիսորական թատրոնը» Ալեքսանդրապոլի մէջ, որ կը գործէր Ստանիսլաւսկիի սկզբունքներով։ Սակայն, այս նախաձեռնութիւնը միայն մէկ տարի տեւած է՝ նիւթական անբսւարար միջոցներու պատճառով։ Այնուհետեւ, մեկնած է Պաքու՝ իր դերասանական ու բեմադրական գործունէութիւնը շարունակելու։
1909-1910ին, Սեւումեան ղեկավարած է Թիֆլիսի Զուբալովի ժողովրդական տան թատերախումբը։ Ամուսնացած է դերասանուհի եւ ապագայ երգչուհի Լիւսի Արզումանեան-Սեւումեանի (1892-1969) հետ։ 1913ին, Թիֆլիսի Հայոց Դրամատիկական Ընկերութեան ժողովին ներկայացուցած է հայ թատրոնի բարեփոխման համապարփակ ծրագիր մը։ 1914ին, իր ուժերը միացնելով դերասան Յովհաննէս Զարիֆեանի հետ, քանի մը ամսուան հիւրախաղերու մեկնած է Պոլիս, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով քաղաքի հայութեան մէջ։
1917ին, Սեւումեան թատերական արուեստանոց հիմնած է վրացական մայրաքաղաքին մէջ, իսկ 1918-1919ին Պիատիգորսկի մէջ (Ռուսաստան)՝ խորհրդային առաջին հայկական պետական թատրոնը։ Սեպտեմբեր 1919ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Նիկոլ Աղբալեանի յանձնարարութեամբ, մեկնած է Պոլիս՝ «թատերական նորահաս ուժերը համախմբելու, վարժեցնելու նրանց թատերական արուեստին եւ պատրաստելու դերասաններ ծրագրածս պետական թատրոնի, ինչպէս նաեւ սաներ Երեւանում բացուելիք թատերական վարժարանի համար»։ Թատերական քանի մը ամսուան բուռն գործունէութենէ ետք, Սեւումեան թոքախտով հիւանդացած է ու մահացած՝ 15 Մայիս, 1920ին, Պոլիս։ Թաղուած է Թիֆիսի մէջ։
Օվի Սեւումեանի բեմադրութիւններու շարքին եղած են եւրոպացի, ռուս եւ հայ հեղինակներու (Գաբրիէլ Սունդուկեան, Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Լեւոն Շանթ եւ Դերենիկ Դեմիրճեան) թատերախաղեր։ Ան նաեւ յայտնի եղած է կարգ մը դերերով։