ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔ. ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1812)
Գաբրիէլ Այվազովսկի, նշանաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի աւագ եղբայրը, հայ եկեղեցական ու մտաւորական կեանքի կարեւոր անուն մը եղած է 19րդ դարուն իբրեւ հոգեւորական, բանասէր, պատմաբան ու թարգմանիչ։
Աւազանի անունով՝ Ալեքսանդր, ծնած է Թէոդոսիա (Ղրիմ), 22 Մայիս, 1812ին։ Ապագայ եկեղեցականը իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թէոդոսիոյ հայկական ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ Ղարասուբազարի հայ կաթողիկէ դպրատան մէջ։ 1826ին ուղարկուած է Ս. Ղազար, ուր իր ուսումը ստացած է Մխիթարեան հայրերուն քով։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով, ստացած է Գաբրիէլ անունը 1842–1848ին, դասաւանդած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ։ 1843ին, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի հետ հիմնադրած է առաջին հայագիտական հանդէսը՝ «Բազմավէպ»ը, որուն խմբագիրը եղած է մինչեւ 1848։
1848ին Փարիզ փոխադրուելով, Գաբրիէլ վրդ. Այվազովսկի 1848-1856ին վարած է Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, միաժամանակ դասաւանդելով հայոց լեզու եւ պատմութիւն։ Տարակարծութիւններ ունենալով Մխիթարեան միաբանութեան հետ, 1856ին դարձած է դէպի Հայաստանեայց Եկեղեցին։ 1856ին ուրիշ նախկին մխիթարեաններու՝ Սարգիս Թէոդորեան եւ Ամբրոսիոս Գալֆայեան (Գուիտոն Լուսինեան) վարդապետներու հետ, հիմնած ու ղեկավարած է Փարիզի «Հայկազեան» վարժարանը, որ կարճատեւ կեանք ունեցած է։ 1856–1858ին հրատարակած է «Մասեաց աղաւնի» հանդէսը՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն։
1858ին վերադառնալով Ռուսաստան, Գաբրիէլ վրդ. Այվազովսկի նշանակուած է Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ թեմի առաջնորդ, թեմական կեդրոնը Քիշնեւէն փոխադրելով Թէոդոսիա՝ ռուսահայ համայնքներու եւ արեւմտահայերու հետ շփումները աւելի դիւրացնելու նպատակով։ Նոյն տարին, մեծահարուստ Յարութիւն Խալիբեանի նիւթական հովանաւորութեամբ հիմնադրած է «Խալիբեան» վարժարանը Թէոդոսիոյ մէջ, որուն տնօրէնութիւնը վարած է 1858-1865ին։ Մինչեւ 1865 շարունակած է հրատարակել «Մասեաց աղաւնի»ն, այս անգամ՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Թեմին մէջ որոշ խմբաւորումներու պայքարը՝ վիճելի զանազան հարցերու շուրջ, յանգած է Գաբրիէլ վրդ. Այվազովսկիի հրաժարականին (1867) եւ «Խալիբեան» վարժարանի փակումին (1871)։ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոս զինք կանչած է Ս. Էջմիածին։ 1867ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, իսկ 1871ին ստացած է արքեպիսկոպոսի աստիճանը։ Այնուհետեւ, կարգուած է Գէորգեան ճեմարանի տնօրէն (1874-1876) եւ ապա՝ Վրաստանի թեմի առաջնորդ (1876-1880)։
Պատմա-բանասիրական եւ թարգմանական բնոյթի աշխատութիւններու կողքին, Գաբրիէլ Այվազովսկի նաեւ հեղինակ եղած է կրօնա-բարոյական գործերու՝ «Պատմութիւն վարուց տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» (1854), «Միջակ վարդապետարան ուղղափառ հաւատոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» (1858), «Դասագիրք քրիստոնէական վարդապետութեան ըստ ուղղափառ հաւատոյ Հայաստանեայց» (1875), «Նիկոլ Եպիսկոպոս եւ Պատմութիւն դարձին հայկազանց Լեհաստանի ի կաթոլիկութիւն» (1877) ևն։
Այվազովսկի վախճանած է Թիֆլիսի մէջ, 20 Ապրիլ, 1880ին։