Մեր դպրոցներէն

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՓՐԱՒԻՏԸՆՍ) ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) իր շրջանաւարտից հանդիսութիւնը ունեցաւ Կիրակի, 23 Մայիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի։

Ուսումնական տարին անորոշութեան մէջ սկսած էր՝ համավարակի պատճառով։ Սակայն, ուսուցիչներն ու անձնակազմը յաջողութեամբ պսակեցին իրենց ջանքերը, ծնողներու օժանդակութեամբ։ Աւեի քան 30 աշակերտներ առցանց դասերուն մասնակցեցան ամէն Կիրակի։