«ՍՈՒԶԱՆ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, 21 Մայիսին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Սուզան եւ Յովսէփ Յակոբեան» շաբաթօրեայ դպրոցի ընտանիքը ֆիզիքապէս հաւաքուած էր շրջանաւարտից հանդէսին մասնակցելու։ Շատերը առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցի կ՚այցելէին՝ համավարակի սկիզբէն։
Դպրոցը այս տարի 20 շրջանաւարտ տուած է։ Յայտագրին մաս կը կազմէին աշակերտներուն կարդացած բանաստեղծութիւնը՝ իրենց ընտանիքին ու բարեկամներուն նուիրուած, եւ իւրաքանչիւրին կարճ ուղերձը։ Այս բաժինը վերջացաւ տեսագրութեամբ մը, զոր պատրաստած էր ուսուցչուհի՝ օր. Նորա Զոհրապեան, ներկայացնելով շրջանաւարտներու աճը տարիներու ընթացքին եւ իրենց նախկին ու ներկայ ուսուցիչներէն քաղուած յաւուր պատշաճի խօսքեր։
Աշակերտներու հրաժեշտի կողքին, դպրոցը հրաժեշտ տուաւ տիկ. Նայիրի Զոհրապեանին, որ տնօրէնութեան պաշտօնէն հանգստեան կոչուած է գրեթէ 20 տարուան ծառայութենէ ետք։ Ինչպէս Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մատնանշեց, դպրոցը երեք տնօրէն ունեցած է իր գրեթէ 45 տարուան կեանքին ընթացքին, եւ տիկ. Զոհրապեան ամենէն երկար պաշտօնավարութիւններէն մէկը ունեցած է՝ ծաղկումի շրջան մը ապահովելով։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» գնահատագիրը յանձնեց տիկ. Զոհրապեանին, որ նաեւ ստացաւ եկեղեցիէն նուէր ի գնահատութիւն երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան։ Ձեռնարկէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։