Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը ընթերցողի սեղանին կը դնէ Գուրգէն Սարգիսեանի (1898-1972) «Իմ յուշերը (1914-1921)» հատորը։ Շուրջ կէս դարէ ի վեր անտիպ մնացած յուշագրութիւնը լոյս տեսած է հայերէն բնագրով եւ անգլերէն թարգմանութեամբ՝ մէկ հատորի մէջ, մեկենասութեամբ հեղինակի թոռան՝ տէր եւ տիկ. Վիքթոր եւ Սթեֆանի Սարգիսեաններուն։
Ձեռագիրը հրատարակութեան պատրաստած, ծանօթագրած եւ անգլերէնի թարգմանած է Առաջնորդարանիս դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ նաեւ գրած է ընդարձակ ներածական մը։ Գիրքին յառաջաբանը գրած է Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
Ծնունդով՝ կարսեցի, շրջանաւարտ՝ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանէն, պատանեկութեան ընկեր՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Ակսել Բակունցի, Գուրգէն Սարգիսեան իր կեանքի վերջալոյսին ձեռնարկած էր գրելու իր պատմութիւնը։ Կազմած էր ամբողջական նախագիծը, բայց միայն յաջողած էր շարադրել մինչեւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան յաղթանակին հասնող բաժինը։ Հեղինակին վկայութիւնը արժէքաւոր մանրամասնութիւններ կ՚աւելցնէ 1917-1921ի ճակատագրական շրջանի պատմութեան։ Պատկերազարդ յուշերուն կցուած են չգրուած շարունակութեան նախագիծը, ինչպէս եւ փաստաթուղթերու յաւելուած մը, անուանացանկ եւ մատենագիտութիւն։
Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մեկնելով Հայաստանէն, Գ. Սարգիսեան շրջուն թատերախումբի մը մաս կազմած է, ելոյթներ ունենալով Իրանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ։ Փրակայի համալսարանը ուսում ստանալէ ետք, շուրջ երկու տասնամեակ Ռումանիոյ մէջ կրթական գործունէութեամբ զբաղած է։ 1944ին ձերբակալուած է խորհրդային բանակին կողմէ եւ աքսորուած՝ Սիպերիա։ Տասներկու տարի հոն մնալէ ետք վերադառնալով Ռումանիա, ընտանիքով յաջողած է գաղթել Միացեալ Նահանգներ, ուր կնքած է իր մահկանացուն Ֆիլատելֆիայի մէջ։
Գիրքը հանրութեան պիտի ներկայացուի Կիրակի, 13 Յունիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) սրահին մէջ։