Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԳԻՐԸ

Անթիլիաս, 2 Յունիս, 2021

 

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան

Առաջնորդ Ամերիկայի արեւելեան թեմին

Նիւ Եորք

 

Սիրելի՛ Սրբազան,

 

Խոր ցաւով իմացանք Ամերիկայի Արեւելեան թեմի կարկառուն դէմքերէն Տիկին Այրիս Փափազեանի մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Արեւելեան թեմի Ազգ. Իշխանութեան, իր զաւկին՝ Մայքըլ Փափազեանին եւ բոլոր հարազատներուն։

 

Արդարեւ, Մենք Տիկին Փափազեանը ճանչցած ենք Նիւ Եորքի մէջ Մեր ուսանողութեան օրերէն ի վեր։ Ան իր նուիրումի ոգիով ու եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութեամբ խորապէս տպաւորած է մեզ։ Իր ամուսնոյն, Փիեռի հետ կարեւոր ներդրում է ունեցած թեմի ազգային-եկեղեցական, ընկերային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս։ Արեւելեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ Այրիս Փափազեան սերտ գործակցութիւն է ունեցած բոլոր Թեմակալ Առաջնորդներուն հետ, նոյնիսկ իր յառաջացեալ տարիքին։ Ան յատուկ սէր ու հաւատարմութիւն ցուցաբերած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ։ Եկեղեցանուէր ոգիով դաստիարակած է նաեւ իր միակ զաւակը, Մայքըլը, որ իր կարգին գործօն մասնակցութիւն բերած է Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան մէջ։

 

Կ՚աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Այրիս Փափազեանի հոգին եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ իր զաւակը, հարազատներն ու բոլոր սգակիրները։

 

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ