ՄԱՅԻՍ 28Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 28 Մայիսին, Հայաստանի առաջին անկախութեան 103ամեակը նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հ .Յ. Դաշնակցութեան «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը եւ եկեղեցւոյ համայնքը՝ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի եւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի հովանաւորութեամբ։
Հանդիսվարութիւնը կատարեց պրն. Մհեր Ճանեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Հայաստանի անկախութեան իմաստը իբրեւ այսօրուան պետականութեան հիմքը եւ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպան կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր տիկ. Անի Չաղլասեան՝ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդր. Կոմիտէի փոխհերթապահ, որ անդրադարձաւ սերունդէ սերունդ անցած անձնուիրութեան արժէքին։ Նշելով Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ան կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին չզիջելու եւ պատմութեան հերոսական օրինակներէն ներշնչուելու, յայտնելով, թէ «իրաւունք չունինք տեղի տալու, եւ չենք կրնար յուսահատիլ», քանի որ մեր արժանապատուութիւնն ու պատիւը խնդրոյ առարկայ են։
Փակելով յայտագիրը, Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան խորհրդածեց Հայաստանի անկախութեան զոյգ թուականներու՝ Մայիս 28ի եւ Սեպտեմբեր 21ի ոգեկոչման մասին։ Անդրադառնալով արցախեան վերջին պատերազմին, ըմբռնումով մօտեցաւ կեանքերու եւ տարածքներու կորուստէն բխած դառն զգացումներուն։ Յիշեց, որ մեր պատմութիւնը հարուստ չէ եղած անկախութեան շրջաններով, բայց «երբեք չենք դադրած հայ ըլլալէ եւ պէտք է շարունակենք ամրապնդել այդ հայկական ոգին», որովհետեւ «նման մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակներ ունեցած ենք մեր պատմութեան մէջ, բայց ա՛յս ալ պիտի անցնի եւ մեր կորսնցուցած ետ պիտի ստանանք»։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ հարց ու պատասխանի բաժնով եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան հիւրասիրութեամբ։