ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ 2020-2021Ի ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ
Շաբաթ, 29 Մայիս յետ միջօրէին, Zoomով տեղի ունեցաւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցիչներու նորահաստատ վերաորակաւորման այս տարուան դասընթացքի փակումը։ Դասընթացքը կարելի եղած էր իրագործել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի մասնագիտական ներդրումով, յանձին՝ տիկ. Անի Կարմիրեանի, որ արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն է ու կրթական ծրագիրներու աւագ վարիչը։ Տիկ. Մարի Կիւլիւմեան՝ Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհին, բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ։ Այնուհետեւ, արագօրէն ուրուագծելով յիսուն ժամերէ բաղկացած այս դասընթացքը, զոր «դասաւանդման մեթոտային յեղաշրջում» կարելի է կոչել, տարեշրջանի գործունէութեան ամփոփ ներկայացումը ըրաւ։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այն տնօրէնուհիներուն, որոնք քաջալեր հանդիսացան իրենց դպրոցի ուսուցչուհիներուն որ մաս կազմեն այս ծրագիրին։
Տիկ. Անի Կարմիրեան՝ գլխաւոր ղեկավարը այս դասընթացքին, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ դասընթացքէ մը աւելի՝ հայ մշակոյթի նուիրեալներու փորձառութեան փոխանակումն էր՝ բաժնեկցելով փորձուած յաջողութիւնները, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ միասնաբար աճելու, օգտուելով արդի մանկավարժութեան ընձեռած մեթոտներէն, որպէսզի աշակերտը աւելի մօտեցնեն ո՛չ միայն դաստիարակին, այլ նաեւ հայ լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան։
Տիկ. Կարմիրեան այս դասընթացքի աշխատանոցները իրականացուց իր իսկ հասցուցած սերունդէն՝ Սեւանա Չագրեանի, Մարալ Քերովբեանի եւ Վահան Քերովբեանի գործակցութեամբ։
Ապա մասնակից ուսուցիչները անդրադարձան իրենց գիտելիքներու կիրառումին միօրեաներու դասարաններէն ներս, անձնապէս վկայելով այս օրհնաբեր դասընթացքին անմիջական արդիւնքը։
Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետը՝ պրն․ Յարութիւն Մսըրլեանը, իր կարգին գնահատեց այս դասընթացքը եւ որպէս վկայ անոր ծննդոցէն մինչեւ օրս ձեռք բերուած յաջողութեանց, մաղթեց որ ասիկա սկիզբ մը ըլլայ ապագայ նման ծրագիրներու։
Փակման խօսքով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս խոր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակից ուսուցչուհիներուն, որոնք տառացի կերպով մեծ զոհողութիւն յանձն առնելով, շաբաթօրեայ վարժարանի դասաւանդութիւններէն անմիջապէս ետք, աննկարագրելի կորովով, որպէս «ուսանող» մասնակցեցան՝ լիցքաւորուելու եւ նոր մեթոտներու ծանօթանալու համար, որպէսզի կրկին բաշխուին նորահաս սերունդի յառաջդիմութեան ի խնդիր։ Ան գնահատեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն՝ պրն. Ռազմիկ Փանոսեանի օժանդակութիւնը, որ սատար հանդիսանացած է տիկ. Կարմիրեանին՝ իր հարուստ փորձառութեամբ առաջնորդելու այս դասընթացքը։ Գնահտանքի վերջին խօսքը եղաւ տիկ. Մարի Կիւլիւմեանին, որ իր անգնահատելի զոհողութեամբ կեանք տուաւ եւ յաջողութեամբ աւարտին հասցուց այս օգտաշատ ծրագիրը։
Մասնակիցները միաձայնութեամբ փափաք յայտնեցին որ այս դասընթացքը շարունակուի, յօգուտ հայ դաստիարակներու մասնագիտացման։ Մասնակցող դաստիարակները ստացան յատուկ հաստատագիր, ի պէտս տեղական համալսարաններու մէջ մանկավարժական մասնագիտացման բարձրագոյն դասընթացքներու։