ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ
Ինչպէս մեր ընթերցողները տեղեակ են, Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը Շաբաթ, 29 Մայիսին կորուստը կրեց իր վաստակաւոր անդամներէն մէկուն՝ հաղորդակցութիւններու եւ հրատարակութիւններու տնօրէն տիկ. Արուսեակ (Այրիս) Փափազեանի, երկար հիւանդութենէ ետք։
3 Յունիսի առաջին ժողովին, Ազգային Վարչութիւնը որոշում կայացուց տիկ. Փափազեանի անունով կոչելու Առաջնորդարանի Հաղորդակցութեան գրասենեակը ի յիշատակ անոր աւելի քան վաթսուն տարուան երկարամեայ վաստակին ու անսակարկ ծառայութեան։