Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆԱՏԱԽՏԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 6 Յունիսին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Ս. Պատարագին նախագահեց Մ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց Սրբոց Վարդանանցի նոր սրբապատկերը եւ օրհնեց Մայր Եկեղեցւոյ նոր անուանատախտակը։ Սրբապատկերը գործն է արուեստագէտ Ռուդիկ Պետրոսեանի, իսկ անուանատախտակը՝ ճարտարապետ Տիգրան Թնկրեանի եւ  որդիին՝ Պերճի։