ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԸ
22 Մայիս, 2021ին գումարուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կայացած ընտրութիւններէն ետք, Արեւելեան թեմի Ազգային Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովները իրենց առաջին նիստը գումարեցին Հինգշաբթի, 3 Յունիսին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնաւարտ անդամներուն իրենց կատարած աշխատանքին համար եւ բարի գալուստ մաղթեց նոր անդամներուն։ Դիւանի ընտրութիւններէ ետք, Ազգային Վարչութիւնը հետեւեալ կազմը ունեցաւ.
Քաղաքական Ժողով՝ Յակոբ Խաչատուրեան (ատենապետ), տոքթ. Ռաֆֆի Մանճիկեան (փոխ ատենապետ), Թամար Քանարեան (ատենադպիր), Ռաֆֆի Ուրլեան (գանձապահ), Հուրի Տաղլեան, Ճան Գըլընճեան, Նայտա Ոսկերիչեան, Արամ Յովակիմեան, Հրանդ Ժամկոչեան (խորհրդականներ)։
Կրօնական Ժողով՝ Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան (ատենապետ), Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան (ատենադպիր), Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, Արժ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան (խորհրդականներ)։