Ինչպէս մեր ընթերցողները տեղեակ են, Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը Շաբաթ, 29 Մայիսին կորուստը կրեց իր վաստակաւոր անդամներէն մէկուն՝ հաղորդակցութիւններու եւ հրատարակութիւններու տնօրէն տիկ. Արուսեակ (Այրիս) Փափազեանի, երկար հիւանդութենէ ետք։
3 Յունիսի առաջին ժողովին, Ազգային Վարչութիւնը որոշում կայացուց տիկ. Փափազեանի անունով կոչելու Առաջնորդարանի Հաղորդակցութեան գրասենեակը ի յիշատակ անոր աւելի քան վաթսուն տարուան երկարամեայ վաստակին ու անսակարկ ծառայութեան։