Կիրակի, 20 Յունիսին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, հինգ նորագիր ուխտեալներ արժանացան կուսակրօն քահանայութեան կարգին։ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, կատարուեցաւ Բարշ. Ժան Սրկ. Սէլլումեանի, Բարշ. Կարապետ Սրկ. Էօրտէքեանի, Բարշ. Գէորգ Սրկ. Թէնէքէճեանի, Բարշ. Հենրիկ Սրկ. Մալխասեանի ու Բարշ. Աբրահամ Սրկ. Տէկիրմէնճեանի աբեղայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը։ Շաբաթ, 19 Յունիսի երեկոյեան, նորընծայ Հայր Սուրբերուն կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցած մայրավանքին մէջ։
Ընծայեալները, առաջնորդութեամբ խարտաւիլակ Հայր Սուրբին, ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր կատարեցին աշխարհէն հրաժարելու եւ Քրիստոսի լուծը կրելու խոստումը։ Ապա, խարտաւիլակ Հայր Սուրբը Միւռոնաթափ աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. Խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր, որ սրբալոյս միւռոնով դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը։
Անուանակոչութեան հոգեթով պահուն, Ժան Սարկաւագը վերանուանուեցաւ Տ. Եզեկիէլ Քահանայ, Կարապետ Սարկաւագը՝ Տ. Եսայի Քահանայ, Գէորգ Սարկաւագը՝ Տ. Եզրաս Քահանայ, Հենրիկ Սարկաւագը՝ Տ. Եղիա Քահանայ, եւ Աբրահամ Սարկաւագը՝ Տ. Երեմիա Քահանայ։ Ապա, անոնք տուին իրենց անդրանիկ «խաղաղութիւն»ը Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն։
Հուսկ, ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Խօսքը ուղղելով նորօծներուն, Մեսրոպ Եպս. յայտնեց. «Դուք Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 25ամեակի սերունդ էք։ Հպարտ, երախտագէտ ու գիտակից պէտք է ըլլաք այս իւրայատկութեան համար»։ Սրբազանը քաջալերեց անոնց օրինակ ունենալու Վեհափառ Հայրապետին իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը եւ նոյն գիտակցութեամբ նուիրուելու Աստուածահաճոյ առաքելութեան։ Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբանութիւնը խորան բարձրացաւ եւ համբոյրով ողջունեց նորաօծ քահանաներուն մուտքը Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական դաշտ ու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտ։
Հինգ նորընծաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի ազգայիններէն Տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան։ Աւանդութեան համաձայն, կնքահայրը նորաօծներուն ճակատներու եւ ձեռքերու լուացումը կատարեց։
Վերջապէս, տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը եւ կուսակրօնութեան իբրեւ նշան, միաբանական կնգուղը դրուեցաւ նորընծաներուն գլխուն։
Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, նորընծաները բարձրացան Վեհափառ Հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։ Ապա, Ս. Խորանին առջեւ, ներկայ հաւատացեալները մօտենալով նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեցին զանոնք։
Ըստ աւանդութեան, յառաջիկայ 40 օրերու ընթացքին նորընծայ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին՝ Տիրոջ օրինակով պատրաստուելու իրենց առաքելութեան։