Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացանք Հայց. Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառաներէն՝ Բարշ. Տ. Յովհաննէս Ա. Սրկ. Տուրսունեանի մահը, որ տեղի ունեցած է 11 Յունիսին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Ուրբաթ, 18 Յունիսին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)։ Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր այրին՝ տիկ. Մարի Մխճեան-Տուրսունեանի, զաւակներուն՝ Գրիգոր, Ռաֆֆի եւ Մհեր, եւ իրենց ընտանիքներուն։
Յովհաննէս Տուրսունեան ծնած է 15 Մայիս, 1930ին, Գրգխանի մէջ (Ալեքսանտրէթ), Մեծ Եղեռնէն վերապրող Զետկանց Յովհաննէսի եւ Լուսիկ Խուկոյեանի ընտանիքին մէջ։ Հօր վաղահաս մահէն ետք, մայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած է հօր լաւագոյն ընկերոջ հետ, որ որդեգրած է Յովհաննէսն ու երէց եղբայրը՝ Զատիկը։
1939ին, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի սանճագի Թուրքիոյ յանձնումէն ետք, ընտանիքը չէ ուզած ապրիլ թրքական տիրապետութեան տակ եւ մեկնած է Հալէպ։ Յովհաննէս յաճախած է «Սահակեան» դպրոցը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից, ուր սկսած է ծառայել 1942ին դպիր ձեռնադրուելէ ետք Եփրեմ Արք. Տոհմունիի կողմէ։ Քանի մը տարի ետք, կիսասարկաւագ ձեռնադրուած է Զարեհ Արք. Փայասլեանի (հետագային՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կողմէ։
Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, կօշկակարի աշկերտ դարձած է եւ ապա՝ իր եղբօր գործընկեր իբրեւ դերձակ։ 1958ին, ամուսնացած է Մարի Մխճեանի հետ։ Աւելի ուշ բացած էր կօշիկի խանութ մը, ուր աշխատած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներ գաղթը 1969ին։
Նիւ Եորք նահանգը երկու տարի ապրելէ ետք, ընտանիքը հաստատուած է Մասաչուսեթսի մէջ, ուր հաստատած է դերձակութեան գործ, զոր տէր եւ տիկ. Տուրսունեան վարած են մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 2015ին։
Յովհաննէս Սրկ. Տուրսունեան հանդիպած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ այժմ հանգուցեալ Արժ. Տ. Թորգոմ Ա. Քհն. Յակոբեանին (Հալէպի իր երբեմնի բարեկամը՝ Խորէն Յակոբեան), եւ երկարամեայ դպրապետ՝ Վարդան Սէրայտարեանին, ու եկեղեցւոյ ծառայած է բազմաթիւ ձեւերով։ 1978ին, Աւագ Սարկաւագի տիտղոսին արժանացած է լուսահոգի Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի կողմէ։ Խորանի ծառայութեան կողքին, ան նաեւ հոգաբարձութեան անդամ եւ երկարամեայ ազգային երեսփոխան եղած է։ 2001ին, «Առաջնորդարանի արծիւ»ի առաջին անգամ տրուող պարգեւատրումը ստացած է՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի ձեռամբ։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։