Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՐԺԱՆԻ ԸԼԼԱՆՔ ԵՐԱՆԱՒԷՏ ՁԱՅՆԸ ԼՍԵԼՈՒ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 20 Յունիս)

Այսօր, համաձայն Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Հոգեգալուստի հինգերորդ Կիրակին, սուրբ Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մտ 12: 38-42։ Փարիսեցիները մօտենալով Յիսուսին, նենգաբար նշան մը՝ հրաշք մը կ՛ուզեն տեսնել որպէսզի հաւատան։ Մեր Տէրը խիստ ոճով կը պատասխանէ անոնց, ըսելով  «չար եւ պոռնիկ սերունդ, նշան մը կ’ուզէք, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէցիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս»։

Անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլանք լարուած կացութեան մը, եւ ականջալուր՝ ծանր ամբաստանութեան մը։ Ուստի, քննենք դրդապատճառը, որպէսզի զգուշանանք նոյն դատավճիռին ենթարկուելէ։

ա․ Այս երկու որակումները՝ չար եւ պոռնիկ սերունդ, պատահական անզուսպ արտայայտութիւններ չէին։ Հաւանաբար կարգ մը քննադատներ անվայել տեսնեն նման բառերու գործածութիւնը սուրբ շրթներէ արտայայտուած։ Բայց զգո՜յշ նման եզրակացութեան յանգելէ։ Սիրող ու ողորմած Տէրը, ի պատասխան խստապարանոց Փարիսեցիներուն, զանոնք ո՛չ թէ անտեղի կերպով վիրաւորեց, այլ մեղադրեց իրենց անհանդուրժելի մեղքին համար։

Փարիսեցիները, որպէս Օրէնքի ուսուցիչներ, քաջածանօթ էին այս զոյգ բառերու էութեան, որոնք կը նկարագրեն Չարը՝ սատանան, որ բարի ստեղծուած էր, սակայն հաւատարիմ չգտնուելով Արարիչին, պոռնկացաւ, ինչ որ հարազատ բացատրութիւնն է այս վերաբերումին, եւ դարձաւ Աստուծոյ հակառակորդ։ Աստուածգիտութեան ծանօթներուն համար շատ յստակ է Չարին գործելակերպը՝ անդադար փորձութեան ենթարկել իր զոհերը մինչեւ հասնի իր նպատակին։ Անապատին մէջ ան երիցս փորձեց մեր Տէրը Յիսուս, եւ երբ պարտուեցաւ՝ տեղի չտուաւ, այլ ամբողջ երեք տարիներ թաքուն կերպերով ջանաց շեղեցնել Զինք իր սրբազան առաքելութենէն։ Նոյնիսկ յետ Յարութեան, ան ուրացումը եւ հալածանքը գործածեց որպէս միջոց՝ Աստուածային Ծրագիրը ձախողեցնելու համար։ Փարիսեցիները, նմանապէս, փոխանակ շնորհակալ ըլլալու իրենց պաշտած Աստուծոյ, որ ականատես կ՛ըլլային Մեսիային վերաբերեալ մարգարէութեանց ամբողջացումին եւ վկայելու Անոր մասին, առիթը չէին կորսնցներ Զինք փորձելու, ո՛չ որպէսզի հաւատան, այլ ձեւով մը թակարդեն եւ Զինք կործանեն։

բ․ Մեր Տէրը՝ Յովնան մարգարէի օրինակով, կանխաւ անոնց յայտնեց մեծագոյն նշանը՝ հրաշքը իր Չարչարանքներուն, Թաղման եւ Յարութեան։ Երկրաւոր Իր առաքելութեան ամբողջ ընթացքին, Ան ուզեց ծանօթացնել ունկնդիրները Աստուծոյ Փրկագործութեան գերագոյն ծրագրին։ Անընդհատ կրկնեց որ խուսափին ֆիզիքականի վերաբերեալ ժամանակաւոր հրաշքներու վրայ հիմնելէ իրենց հաւատքը, այլ գիտակցին այն գերագոյն զոհողութեան, որ Որդի Մարդուն պիտի մատուցէր խաչին վրայ, ազատելու մարդկութիւնը մեղքի գերութենէն․ որպէսզի արժանի ըլլան երկնից արքայութեան եւ անոր անպատում բարիքներուն։

գ․ Մեր Տէրը Յիսուս կարիքը չունի բաղդատուելու ոեւէ երկրաւոր արարածի հետ որպէսզի իր ինքնութիւնը փաստարկուի։ Այնուամենայնիւ, Ան զուգահեռ կատարեց Յովնան մարգարէին, Սողոմոն Իմաստունին, այլ առիթով մը նաեւ Տաճարին (Մտ 12.6), ուսուցանելու համար իրենց, որ այդ բոլորը եթէ այնքան մօտիկ է իրենց սրտին եւ արժանի՝ յարգանքի, որքան աւելի նոյնը պէտք է ցուցաբերել մարդացեալ Բանն Աստուծոյ, իմաստութեան Աղբիւրին եւ Սրբութիւն սրբոցին։

Մեր Տէրը Քրիստոս վերեւի նշումները որքան ալ իր ժամանակակիցներուն կատարեց, նոյնքան անոնք ուղղուած են բոլոր դարերու քրիստոնեաներուն։ Անհուն սիրով, համբերութեամբ եւ ներողամտութեամբ Ամենակալ Տէրը կը հրաւիրէ մեզ դրական կերպով պատասխանելու ի խնդիր մեր իսկ բարօրութեան։ Ան կը հրաւիրէ մեզ բաժնեկցելու յաւիտենական կեանքը, պատիւը եւ ուրախութիւնը որպէս իր զաւակները, եւ ոչ թէ յաւիտենական դատապարտութեան մատնուելու որպէս չար եւ անհաւատարիմ սերունդ։ Պօղոս Առաքեալ կը զգաստացնէ մեզ ըսելով՝ «հիմա է ընդունելի ժամանակը, հիմա է փրկութեան օրը» (Բ Կր 6.2)։ Ուստի, գիտակից կերպով դիմաւորենք Աստուծոյ կենսատու հրաւէրը։ Փոքրիկ զոհողութիւն ցանենք ժամանակին մէջ, որպէսզի անսահման բարիքներ հնձենք անժամանակին մէջ։ Ուրախութեամբ քալենք Սուրբ Հոգիին մէջ նորոգուած կեանքով (Եփ 4.23), որպէսզի երանաւէտ ձայնը լսենք՝ «բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»  (Մտ 25.21):

Երանական այս ձայնը լսեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, որուն մասունքներուն գիւտի տօնը կատարուեցաւ երէկ՝ Շաբաթ օր։ Այն սուրբը որ իր տաժանելի չարչարանքներով, Խոր Վիրապի դժնդակ փորձառութեամբ, Հայ կեանքը լուսաւորելու ծառայական կեանքով եւ հուսկ ապա Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Սուրբ Մանէի քարանձաւին մէջ մենակեացի ճգնողական կեանքով տնկակից ըլլալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին մահուան, հովիւներու կողմէ իր աճիւններու գիւտով երաշխիքը տուաւ Երկնաւոր Վարդապետի խոստումներուն անսխալականութեան ու արժանաւորութեան, որպէսզի մենք եւս Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած անսայթաք ընթանալով Քրիստոսահիմն Լուսաւորչաւանդ հաւատքով, փառակից ըլլանք Աստուածորդւոյն պատիւին, փառաւորելով տուիչն ամենայն բարեաց Ամենակալ Հայրը։  Ամէն։