Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԿՐՏԻՉ ԽԵՐԱՆԵԱՆ (մահ՝ 27 Յունիս, 1970)

Վանի հերոսամարտին վերապրած ու խորհրդահայ գրականութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած բազմաթիւ մեծ ու փոքր անուններու շարքին կը պատկանի Մկրտիչ Խերանեանը՝ «Նարեկ»ի առաջին արեւելահայերէն թարգմանութեան հեղինակը։

Խե­րա­նեա­ն ծնած է Վան, 10 Օգոստոս, 1899ին։ Սկզբ­նա­կան կր­թու­թիւ­նը ստա­ցած է ծննդա­վայ­րի ծխական, ապա՝ Վարագայ ժառանգաւորաց եւ «Հայկազեան» կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Վանի ինքնապաշտպանութենէն ետք. ապագայ գրագէտը իր ընտանիքով գաղթած է Արեւե­լեան Հա­յաս­տան, ուր մտած եւ շրջանաւարտ եղած է Ս. Էջ­միած­նի Գէորգեան ճեմարանէն։

Ա­մուս­նա­ցած է իր նոյն մականունը կրող Արաքսիա Խերանեանի հետ։ Ունեցած են չորս զաւակ։ Մինչեւ 1932 ընտանիքը ապրած է Էջմիածնի (այժմ՝ Վաղարշապատ), ապա՝ Երեւանի մէջ։ Մկրտիչ Խերանեան հայոզ լեզուի ու գրականութեան ու­սու­ցիչ եղած է Էջմիածնի շրջանի եւ Երեւանի տարբեր միջնակարգ դպրոցներու մէջ։

Խերանեան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւններ գրած է պա­տա­նի տարիքէն եւ ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան։ 1938ին հրատարակած է բանաստեղծու­թիւն­նե­րու առա­ջին ժո­ղո­վա­ծուն՝ «Խն­դու­թիւն» վեր­նագ­րով։ 1939ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։ Սակայն, ան զերծ չէ մնացած ստալինեան վարչակարգի բռնութենէն։ 1941ին, մտա­ւո­րա­կան­ները կը ձերբակալուէին որպէս կասկածելի անձնաւորութիւններ։ Խերանեան ձերբակալուած է Նոյեմբեր 1941ին եւ շարք մը մտաւորականներու հետ առանց դատի աքսորուած՝ Ղազախստանի Ակմոլինսկի մարզ։ Չորս տարի դաժան պայմաններու մէջ հոն մնալէ ետք, պատերազմի աւարտին ազատ արձակուած եւ վերադարձած է Երեւան, ուր շարունակած է ուսուցչութեամբ զբաղիլ մինչեւ 1950։

Հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ՝ բանաստեղծութիւններ, մանկական բանաստեղծութիւններ ու հէքեաթներ, վիպերգեր («Մոկաց Միրզա», «Սասնայ տուն», «Հազարան բլբուլ»), վիպակներ, «Երկար-երկար մի ճանապարհ» ինքնակենսագրական վէպը (1965)։ Խերանեան բեղուն թարգմանիչ եղած է։ Ամենէն ծանօթ թարգմանական գործն է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» առաջին արեւելահայերէնի վերածումը (1960)։ Աշխարհաբարի վերածած է նաեւ Հոմերոսի «Իլիական»ը եւ ռուսերէնէ թարգմանած է Նիզամիի, Պուշկինի, Լերմոնտովի եւ այլոց գործերը։

Հետաքրքրական է գրագէտի որդիին՝ Հենրիկ Խերանեանի վկայութիւնը իր հօր մասին. «Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րին նրա մէջ շատ ու­ժեղ էր հայ­րե­նի­քի՝ Վա­նի, կարօտը։ Մահից եր­կու տա­րի ա­ռաջ գրիչ չա­ռաւ ձեռ­քը, լրիւ զբաղ­ուեց իր ման­կա­կան յիշողութիւններով։ Մենք ապ­րում էինք Բու­թա­նիա­յի 12-րդ փո­ղո­ցում, ո­րը կրում էր Այվազովսկու անունը, եւ բա­կում ինքն իր ձեռ­քով պատ­րաս­տեց Վա­նայ լի­ճը բե­տո­նից, այն նոյն ձեւով, ինչ­պի­սին քար­տէ­սում կար։ Ե­րեք մետր եր­կա­րու­թեամբ, ներ­կեց կա­պոյտ գոյնով, ջու­րը լց­րեց ու զգաց, որ ին­քը Վա­նում է, Վա­նայ լճի կող­քին։ Բա­ցի դրա­նից իր չախոյով (դա­նակ) որեւէ այլ գոր­ծիք չօգ­տա­գոր­ծե­լով, պատ­րաս­տեց մակէտներ՝ ի­րենց Վանի տու­նը բա­կով, Շու­շան գիւ­ղը իր շր­ջա­պա­տով, որ­տեղ պապս աշ­խա­տել էր վարդապետ, նաեւ որ­տեղ ու­սա­նել էր՝ Վա­րա­գա­վան­քում, ու մա­տով ցոյց էր տա­լիս եւ ասում. «Այս լու­սա­մու­տի մօտ իմ նս­տա­րանն էր»։ Եր­կու տա­րի նա տրա­մադ­րեց իր հայրենիքին, ի­րեն շր­ջա­պա­տեց Վա­նայ հա­րա­զատ ան­կիւն­նե­րով եւ 1970 թուա­կա­նին աւարտեց իր կեան­քը»։

Մկրտիչ Խերանեան մահացած է 27 Յունիս, 1970ին, Երեւանի մէջ։ Անտիպ ու տպագիր գործերէն շատեր հրատարակուած են յետմահու։ 2010ին, Հայաստանի Ազգային Գրադարանը յետմահու Խերանեանին շնորհած է Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալը՝ հայ գրականութեան մատուցած ծառայութիւններուն, գրական վաստակի եւ թարգմանական գործունէութեան համար։