Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Հինգշաբթի, Յուլիս 1ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը Վատիկանի Պապական ժողովասրահին մէջ, Ֆրանսիս Պապի ներկայութեամբ։

Ժողովի առաջին նիստին դասախօսեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ «Ընկերային-քաղաքական ներկայ տագնապը Լիբանանէն ներս եւ զայն դիմագրաւելու ազդու միջոցները» նիւթին շուրջ, որուն հետեւեցաւ երկու ժամուան քննարկում մը։ Հոգեւոր պետերը դրականօրէն արձագանգեցին Վեհափառ Հայրապետի իրապաշտ վերլուծումներուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս դիտել տուաւ, թէ «Լիբանանի գոյութիւնը վտանգուած է», աւելցնելով, որ «այսօր փաստօրէն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կ՚ապրի աղքատութեան մէջ եւ կը գտնուի անորոշութեան դիմաց, իսկ երկիրը կառավարելու ու զայն դէպի զարգացում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդելու կոչուած քաղաքական պատասխանատուները հեռուէն կը դիտեն ժողովուրդին ամէնօրեայ տառապանքը»։ Ակնարկելով Վատիկանի դերակատարութեան, ան յիշեցուց, թէ «Վատիկանը, Պապին գլխաւորութեամբ, միշտ եղած է Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին՝ յատկապէս տագնապալից օրերուն, եւ պաշտպանած Լիբանանի դատը միջազգային համայնքէն ներս: Վատիկանը Լիբանանը նկատած է ո՛չ միայն համայնքներու գոյակցութեան երկիր, այլ նաեւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Պապին բնորոշումով, կրօններու համակեցութեան պատգամ՝ ուղղուած ողջ աշխարհին»։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ երկու հանգրուաններու, որոնք կրնան Լիբանանը դէպի վերականգնում առաջնորդել. նոր կառավարութիւնը շուտափոյթ կազմութիւնը եւ Թաէֆի քրիստոնեայ-իսլամ համահաւասարութեան վրայ հիմնուած համաձայնագրի ամբողջական գործադրութիւնը:

Երկրորդ նիստին դասախօսեց մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաաի Պատրիարքը՝ «Եկեղեցւոյ մարդասիրական ու կրթական դերը Լիբանանի ներկայ կացութեան լոյսին տակ» նիւթին շուրջ։ Ներկաները բաժնեցին Պատրիարքին պարզած մտահոգութիւնները, սակայն որոշ վերապահութիւն յայտնեցին անոր առաջարկած չէզոքութեան եւ Լիբանանի համար միջազգային համագումարի մը կազմակերպման գաղափարին շուրջ։

Յետմիջօրէի նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու։ Ներկաները շեշտեցին անոնց նոր թափ տալու հրամայականը, յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին՝  առանց կրօնական կամ համայնքային խտրութեան։

Որոշուեցաւ, որ ժողովը հրապարակային յայտարարութիւն չկատարէ եւ Վատիկանը պաշտօնական հաղորդագրութիւն լոյս չընծայէ, սակայն անհրաժեշտ նկատուեցաւ որոշ եզրայանգումներ կատարել։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով, իր պատկերացումը ներկայացուց հինգ կէտերու մէջ, որոնք գնահատանքով ընդունուեցան ժողովին կողմէ։

Հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ խոստացաւ Լիբանան այցելել նոր կառավարութիւն կազմուելէ անմիջապէս ետք։

Նոյն օրը երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն՝ նուիրուած Լիբանանին, ներկայութեամբ դեսպաններու, պետական պատասխանատուներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Արարողութեան ընթացքին գործածուեցան իտալերէն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ասորերէն լեզուները։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամով, որ շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման եւ երկիրը շրջանի հարցերէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Յատկանշական էին պատգամին մէջ Պապին կատարած երկու մէջբերումները՝ մէկը լիբանանցի հանրածանօթ փիլիսոփայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանէն, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանսիս Պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Կաթողիկոսը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Պապին, որ անդրադարձած էր գերիներու հարցին եւ խնդրեց, որ յարմար առիթով դարձեալ անդրադառնայ մեր ժողովուրդը յուզող յիշեալ հարցին, օգտակար հանդիսանալով գերիներու շուտափոյթ վերադարձին: Ան յիշեցուց, թէ Ատրպէյճանի կեցուածքը միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է։

Հայրապետը նոյն հարցին շուրջ նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Քարտինալ Փարոլինի հետ:

Գերիներու վերադարձի հարցի գծով իր ունեցած վերոյիշեալ հանդիպումներուն մասին Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնութիւններ փոխանցեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին:

Վատիկան կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ ծիրանաւոր Քոխին հետ՝ էքիւմէնիք շարժումին պարզած ներկայ կացութեան եւ անոր նոր թափ տալու կարելիութիւններուն մասին։ Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպաններուն՝ դոկտ. Ֆարիտ Էլ Խազէնի եւ Կարէն Նազարեանի հետ Վեհը միատեղ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց պարզեց հոգեւոր պետերու ժողովին առնչուած կարեւոր մանրամասնութիւններ։ Ան կարճ այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի դեսպանատուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի ու Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները աւելի ամրացնելու ձգտող դեսպանին կատարած աշխատանքներուն։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց շուտով Երեւանի մէջ պապական նուիրակ ունենալու Վատիկանի որոշումը։ Ան հարցազրոյց ունեցաւ Վատիկանի պաշտօնական լրատուամիջոցին հետ՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց ժողովին քննարկած նիւթերը։