Մեր դպրոցներէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2020-2021 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 37-րդ ուսումնական տարեշրջանը, հակառակ տիրող համաճարակին: Ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան 17 Յունիսին (մանկապարտէզ) եւ 18 Յունիսին (նախակրթարան), ներկայութեամբ միայն աւարտականներու ծնողներուն:

Թէ՛ մանկապարտէզի եւ թէ՛ նախակրթարանի շրջանաւարտները ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ հայկական պար: Մանկապարտէզի աշակերտները նաեւ ներկայացուցին փոքրիկ թատերգութիւն մը, իսկ նախակրթարանի շրջանաւարտները կարդացին իրենց հրաժեշտի ուղերձները:

Տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեան յայտնեց, թէ բոլոր կարգերը կարողացան ամբողջացնել իրենց ուսումնական ծրագիրը, իսկ դպրոցը մեծ թիւով արտա-դասարանային ձեռնարկներ կազմակերպեց հեռավար կերպով, ինչպէս Հայ Մշակոյթի Օրուան, Վարդանանցի, Մայիս 28-ի տօնակատարութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, գեղարուեստական ելոյթներ, Ամերիկայի Հայկական Թանգարան այցելութիւն եւ աւարտական դասարանի մէկ շաբաթով Հայաստան այցելութիւն: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, ծնողական մարմնին, դպրոցի խնամակալութեան եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ` Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին եւ հոգաբարձութեան:

Տէր Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան իրենց արդիւնաբեր աշխատանքին, իսկ աշակերտներուն` իրենց գեղեցիկ ելոյթին համար:

Տնօրէնը եւ եկեղեցւոյ հովիւը կատարեցին վկայականներու բաշխումը: Տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակներու յանձնում։

Յունիս 17-ին, մանկապարտէզէն վկայական ստացան 15 աշակերտներ՝

Մոնա Արզունեան, Ալեք Աւագեան, Սամուէլ Պարսումեան, Էլէն Պոյամեան, Արենի Կարապետեան, Օլիվիա Ղազարեան, Արենի Համալեան, Սերոբ Խաչատուրեան, Հայկ Մարտիրոս, Այգի Միքայէլեան, Յովհաննէս Սարճընթ, Դաւիթ Սիմոնեան, Լիանա Թոմսըն:

Յունիս 18-ին, նախակրթարանէն վկայական ստացան 14 աշակերտներ՝ Նելլի Աղաջանեան, Պելլա Թամպուրինի, Թալիա Թարապուլսի, Արմէն,Ղալայեան,  Դաւիթ Յովհաննիսեան, Ստեփան Կիւզէլեան, Նարա Փօթուգեան Պեհպահանի, Աւետիս Պէլ, Կասիա Սարգիսեան, Տաթեւիկ Սարգիսեան, Լոռի Փանոսեան,  Ճուլիա Քէպաճեան, Էմմա Ֆոնթէս, Իզապէլ Ֆոնթէս: